Այսօր Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) ժամը 21:55-ին տեղի պիտի ունենայ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի գերբաժակը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթայի միջեւ:
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբը 15-րդ անգամ ըլլալով շահած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը` պարտութեան մատնելէ ետք գերմանական Պորուսիա Տորթմունտ ակումբը, մինչ Աթալանթա, որ Իտալիոյ միջակ մակարդակի խումբերէն էր, իր պատմութեան ամէնէն կարեւոր տիտղոսը շահեցաւ, երբ կրցաւ «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտականին պարտութեան մատնել 51 մրցումներ անյաղթ մնացած Գերմանիոյ ախոյեան Պայէր Լեւերքուզընը:
Ռէալ Մատրիտ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի ըսաւ. «Աթալանթան արժանի է այստեղ հասնելու: Անիկա հիանալի խումբ մըն է, որ սքանչելի տարեշրջան մը ունեցաւ: Յոյսով ենք, որ այսօր մենք կ՛ըլլանք լաւագոյն խումբը դաշտին վրայ: Մենք գիտենք, թէ անոնք պատրաստ են նման հանդիպումներու, եւ կը յարգենք մեր մրցակիցը: Անիկա վտանգաւոր խումբ մըն է եւ իւրայատուկ խաղաձեւով կը խաղայ»:
Աթալանթայի իտալացի մարզիչ Ճիանփիերօ Կասփերինի իր կարգին ըսաւ. «Ռէալը աշխարհի լաւագոյն ակումբն է: Նման մրցակիցի դէմ խաղալը մեծ հպարտութիւն է մեզի համար»:
Նշենք, որ այսօր խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ կրնայ դառնալ Ռէալի հետ ամէնէն շատ բաժակ շահած մարզիկը, եթէ անշուշտ Ռէալ Մատրիտ շահի գերբաժակը:
Ան այժմ առաջին դիրքը կը գրաւէ վերջերս խումբէն հեռացած Նաչօ Ֆեռնանտեսի հետ 26 տիտղոսով: Տանի Քարվախալ, Քարիմ Պենզեմա եւ Մարսելլօ Ռէալի հետ շահած են 25 տիտղոս:
Հաւանական է, որ Քիլիան Էմպափէ առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայանայ Ռէալի շապիկով: Էմպափէ երէկ շնորհաւորած էր իր նախկին ակումբի` Փարիզ Սեն Ժերմենի հիմնադրութեան 54-րդ տարեդարձը` ընկերային ցանցի վրայ հետեւեալ գրառումը կատարելով. «ծնունդդ շնորհաւոր Փ. Ս. Ժ.»: Էմպափէ 2017-էն 2024 կրած էր Ֆրանսայի մայրաքաղաքի ակումբին տարազը` դառնալով անոր պատմական կոլ-սքորըրը 256 կոլերով, շահելով Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը (6 անգամ) եւ բաժակը (4 անգամ):