Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի լիկայի բաժակի մրցումներու ծիրին մէջ, Քոլոմպուս Քրու 3-2 արդիւնքով կրցաւ շրջել արդիւնքը` Ինթեր Մայեմիի դէմ, շնորհիւ ուրուկուէյահայ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեանի երկու կոլերուն:
Առանց վիրաւոր Լիոնել Մեսսիի, Ինթեր Մայեմի Լուիս Սուարեսի, Սերխիօ Պուսքեթցի եւ Եորտի Ալպայի գլխաւորութեամբ լաւ սկսաւ մրցումը, եւ 10-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ փարակուէյցի միջնապահ Մաթիաս Ռոխասի` իր ազգակից Տիեկօ Կոմեսի փոխանցումէն օգտուելով:
Կիսախաղին, Քոլոպուս Քրու 3 փոփոխութիւններ կատարեց եւ շատ աւելի վտանգելու սկսաւ Ինթերի բերդը:
62-րդ վայրկեանին սակայն Տիեկօ Կոմես կրցաւ օգտուիլ Լուիս Սուարեսի փոխանցումէն` նշանակելով Ինթեր Մայեմիի 2-րդ կոլը:
5 վայրկեան ետք, Քրիսթիան Ռամերես, որ կիսախաղին դաշտ ներկայացած էր, կրցաւ նշանակել Քոլոմպուսի առաջին կոլը: Հազիւ 2 վայրկեան անցած քոլոմպիացի Քուչօ Հեռնանտեսի փոխանցումէն օգտուելով Մարաշլեան գնդակը զետեղեց Մայեմիի բերդին մէջ:
80-րդ վայրկեանին անգամ մը եւս Մարաշլեան այս անգամ քանատացի Մոհամետ Ֆարսիի փոխանցումին վրայ նշանակեց Քոլոմպուսի 3-րդ եւ յաղթանակի կոլը: Այս կոլին շնորհիւ, Քոլոմպուս Քրու հասաւ քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի Նիւ Եորք Սիթի խումբին դէմ, որ դուրս ձգեց Մեքսիքոյի Թիկրես խումբը` 2-1 արդիւնքով:
2 ամիս առաջ Քոլոմպուս կրցած էր յաղթել Նիւ Եորք Սիթիին` 2-1 արդիւնքով: Յաղթանակի պարագային Քոլոմպուս կը հասնի կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Ֆիլատելֆիա Էֆ. Սի.-Մասաթլան (Մեքսիքօ) մրցումին յաղթականին դէմ:
Նշենք, որ ֆրանսացի Օլիվիէ Ժիրու իր առաջին մրցումը կատարեց Լոս Անճելըսի հետ, որ 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սան Խոսէ Ըրթքուէյքին, իր կարգին հասաւ քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի Սիեթըլ Սաունտըրզի դէմ: