Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Վահան Պիչախչեան իր լեհական Փոկոն խումբին հետ կրցաւ նշանակել այս տարեշրջանի առաջին կոլը` օգնելով Փոկոնին, որ մնայ առաջին դիրքի վրայ` Վիծեվ Լոծի դէմ կատարուած մրցումին:
25 տարեկան Վահան Պիչախչեան գլխու անզսպելի հարուածով 21-րդ վայրկեանին նշանակեց առաջին կոլը` ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:
Փոկոնի նման լեխ Փոժնան եւ Քրաչովիա 5 մրցումներէ 10 կէտ ձեռք ձգած են:
Վահան Պիչախչեան ոչ միայն կոլ նշանակեց, այլեւ 8,2 կէտ ձեռք ձգելով ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը: