Աշխարհի թիւ 22 թենիսմեն ռուսահայ Կարէն Խաչանով Սինսինաթթիի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքին պարտութեան մատնեց արժանթինցի Ֆրանսիսքօ Չերունտոլոն 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով եւ հասաւ յաջորդ հանգրուան:
1 ժամ եւ 5 վայրկեան տեւած մրցումէն ետք, Կարէն Խաչանով այժմ լուրջ մրցակից մը պիտի ունենայ իր դէմ` գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը, որ աշխարհի թիւ 4 թենիսմենն է:
Նշենք, որ աղջկանց մրցումներուն, Էլինա Աւանէսեան 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց բրիտանացի Հարիեթ Տարթէն եւ դուրս մնաց:
1 ժամ 17 վայրկեան տեւած մրցումին, Էլինա Աւանէսեան չկրցաւ զսպել Տարթի զօրաւոր հարուածները եւ տեղի տուաւ 2-րդ սեթին: