Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Դաշտերէն Փոխանցումներու Լուրեր. Պայեր Միացաւ Տորթմունտին

August 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ ազգային խումբի յառաջապահներէ Մաքսիմիլիան Պայեր Հոֆենհայմէն միացաւ Պորուսիա Տորթմունտին:

21 տարեկան Պայերի համար Տորթմունտ 30 միլիոն եւրոյէն աւելի վճարեց Հոֆենհայմին: Պայմանագիրը կ՛երկարի մինչեւ 2029 թուական:

Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլան ակումբը ձեռք ձգեց Թոթենհամի Էմերսոն Ռոյալը` փոխան 15 միլիոն եւրոյի: Պրազիլցի յետսապահը պայմանագրութիւն ստորագրեց մինչեւ 2028:

Ռէալ Մատրիտ այժմէն իսկ կը մտածէ ձեռք ձգել Փալմէյրասի 18 տարեկան յետսապահ Վիթոր Ռեյիսը: Կեդրոնի պաշտպան Ռեյիս 17 տարեկանէն վար Պրազիլի ազգային խումբին հետ լաւ ելոյթներ ունեցած էր եւ ըստ երեւոյթին, ինչպէս որ Էնտրիքը ձեռք ձգեցին, նոյն ձեւով պիտի կապուին Ռեյիսի հետ այժմէն իսկ: Հակառակ անոր որ ան պայմանագրութիւն ունի Փալմէյրասի հետ, կը սպասուի, որ պրազիլական ակումբը տեղի տայ Ռէալի առաջարկին առջեւ:

Մանչեսթըր Եունայթըտ կը ցանկայ նոր շունչ տալ իր յառաջապահ գիծին, մինչեւ օգոստոսի աւարտը փոխանցումներու պատուհանի փակումը ձեռք ձգելով Պարսելոնայի Ռաֆինիան:

Եունայթըտ կ՛ուզէ Անթոնին «ծախել» Պարսելոնային եւ ձեռք ձգել Ռաֆինիան:

Պարսելոնայի  գերմանացի մարզիչ Հանս Տեթըր Ֆլիք նկատի առած չէ Ռաֆինիան իր նոր տարեշրջանի ծրագիրներուն մէջ, եւ փոխանցումը կրնայ կատարուիլ:

Երկու տարի առաջ Եունայթըտ 95 միլիոն եւրոյի ձեռք ձգած էր Անթոնը Այաքս Ամսթերտամէն:

Լոնտոնի Արսենալ ակումբը ըստ երեւոյթին պիտի ձախողի ձեռք ձգելու Ռէալ Սոսիետատի կեդրոնի միջնապահ Միկել Մետինոն:

Շաբաթ մը առաջ Արսենալ 30 միլիոն վճարած էր Սոսիետատին, որ սակայն առնուազն 50 միլիոն եւրօ կ՛ուզէ, մինչ Աթլեթիքօ Մատրիտ հեռուէն կը դիտէ փոխանցումի ընթացքը: Աթլեթիքօ, որ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Չելսիի մարզիկ Քոնըր Քալակըրը, մէկ կողմէն կը հետեւի Մերինոյի փոխանցման ընթացքին, մանաւանդ որ Քալակըրի փոխանցման ձախողութեան հաւանականութիւնը մեծ է:

Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխ ակումբը, որ երեքշաբթի օր «ծախած» էր իր պաշտպաններ Մաթայս Տը Լիխթը եւ Նուսէյր Մազրաուին Մանչեսթըր Եունայթըտին, անակնկալ շարժումով վերստին կապի մէջ մտած է Պայեր Լեւերքուզընի կեդրոնի յետսապահ Եոնաթան Թահի համար:

Նախորդը

«Օփթա» Գերհամակարգիչը Կռահած Է 2024-2025 «Սերի Ա.»-ի Տարեշրջանի Թեկնածուները

Յաջորդը

Մանչեսթըր Սիթի Մեղադրուած Է 115 Տարբեր Իրաւախախտումներ Կատարելու Յանցանքով

RelatedPosts

Ֆին Կերակուսեան Հրաւիրուեցաւ  Հայաստանի Հաւաքական
Մարզական

Ֆին Կերակուսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հաւաքական

March 10, 2026
Ըմբշամարտ.  Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի  Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Ըմբշամարտ. Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը

March 10, 2026
«Հայփ Պրազիլ».  Վաղը` Ծառուկեան – Մոքայեւ
Մարզական

«Հայփ Պրազիլ». Վաղը` Ծառուկեան – Մոքայեւ

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.