Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստանի Հաւաքականը 5 Դիրքով Նահանջեց

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 5 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 79-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 437 կէտ: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա (1770 կէտ), որուն ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Արժանթին (1577 կէտ) եւ Քոլոմպիա (1499 կէտ): Իտալիա...

Արման Երեմեան. «Պէտք Է Պաքու Երթալ Եւ Պայքարիլ Մետալներու Համար»

Հայաստանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը տարածեց լրատուութիւն մը, թէ իրենք չեն պատրաստուիր մասնակցելու Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական առաջին խաղերուն: Այս առիթով ArmSport.am լրատուական կայքը հարցազրոյց մը կատարեց այդ խաղերուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող թեքուանտոյիստ, Եւրոպայի 2008-ի ախոյեան Արման Երեմեանի հետ: Իր հարցազրոյցին մէջ Արման Երեմեան ըսաւ. «Ես կը պատրաստուիմ Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականին հետ մեկնելու Պաքու: Այս գծով ոչ ոք հետս խօսեցաւ, բայց...

Արսէն Ջուլֆալակեան Չի Պատրաստուիր Պաքու Մեկնելու

Արսէն Ջուլֆալակեան Չի Պատրաստուիր Պաքու Մեկնելու

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, աշխարհի գործող ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի միացեալ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ այցելեց Եղիշէ Չարենցի անուան Երեւանի հիմնական դպրոցը, ուր անցեալին ուսանող եղած է: Դպրոց կատարուած այս այցելութեան ընթացքին, Ջուլֆալակեան զրուցեց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ, ապա պատասխանեց նաեւ աշակերտները յուզող շարք մը հարցումներու: Աւարտին դպրոցի մարզիկ-սաները ցուցադրական ելոյթներ ներկայացուցին: Ջուլֆալակեան խօսեցաւ...

Ուորլիք Ողջունած Է Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպական Խաղերուն Հայ Մարզիկներու Մասնակցելու Որոշումը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ողջունած է Պաքուի մէջ Եւրոպական առաջին ամառնային խաղերուն հայ մարզիկներու մասնակցութեան մասին լուրը: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճան ողջունէ այդ որոշումը: Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Լաւ նորութիւն է, որ հայ մարզիկները պիտի մրցին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական խաղերուն: Յոյսով եմ` Ազրպէյճան կ՛ողջունէ որոշումը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ հայ մարզիկները...

Տանիել Ալվես Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ 3 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց

Քաթալոնական Պարսելոնայի յետսապահ Տանիել Ալվես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, յայտնեց «Մարքա» պարբերաթերթը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին հաղորդած տեղեկութեան, պրազիլցին, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, տարեկան 9 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ: Նշենք, որ 31 տարեկան պրազիլցին Փարիզ մեկնած էր հանգիստի համար, որուն թոյլտուութիւնը տուած էր անոր ակումբը` Պարսա: Հոս տեղին է...

Միջազգային Ֆութպոլ. Հալիլհոծիչ Նշանակուեցաւ Ճափոնի Մարզիչ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Ալճերիոյ եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբերու նախկին մարզիչ Վահիտ Հալիլհոծիչ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ` յաջորդելով Խաւիէ Ակուիրէի: 62 տարեկան պոսնիացի Հալիլհոծիչ նախորդ նոյեմբերէն ի վեր կը մնար անգործ` լքելէ ետք թրքական Տրապիզոնսփորը: Լուրը հաղորդող «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը շարունակեց նշելով, որ Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը սկսաւ նախորդ...

Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Պայէրն Միւնիխ Եւս Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Հետեւելով Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթոյի օրինակին` Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Պայէրն Միւնիխ եւս ապահովեցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումին իրենց տոմսերը: 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Պայէրն Միւնիխ 7-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Շախտիոր Տոնեցքը (երթ` 0-0), որ մրցումին գրեթէ ամբողջ տեւողութեան պայքարեցաւ տասը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ Օլեքսանտր Քուշեր 3-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Պայէրնի եօթը անպատասխան...

Ուրուկուէյցի Ֆորլան Վերջ Մը Դրաւ Ֆութպոլիստի Իր Միջազգային Ասպարէզին

Սերեսօ Օսաքա (Ճափոն) ֆութպոլի ակումբին հետ հանդէս եկող ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլան եկաւ վերջ մը դնելու իր միջազգային արհեստավարժ ասպարէզին, յայտնեց «Կլոպօ Էսփորթ» կայքը: «Այսպիսի որոշում տալու պատճառը տարիքս չէ, որովհետեւ ֆիզիքապէս ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ: Պարզապէս կ՛ուզեմ առիթ տալ երիտասարդ մարզիկներուն, որպէսզի անոնք յաջողին իրենք զիրենք փաստել «Քոփա Ամերիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին եւ մոնտիալին», ըսաւ 35 տարեկան Ֆորլան,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Վաւերացուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ (17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ). Սալամ Զղարթա - Սաֆա` 3-1, Շապապ Ղազիէ - Նեպի Շիթ` 3-1, Ահտ - Ախա Ահլի Ալէյ` 2-1, Թրիփոլի - Ռասինկ` 1-0, Անսար - Շապապ Սահել` 1-0 եւ Նըժմէ - Թատամոն Սուր` 1-1: Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Իժթիմահի - Շեպիպեթ...

Հայաստան Պիտի Մասնակցի Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպական Խաղերուն

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն իր գումարած փակ նիստին ընթացքին որոշում տուաւ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունենալիք 2015-ի եւրոպական խաղերուն: Այս խաղերուն Հայաստան մտադիր է բարձր տեղերու համար պայքարիլ անհատական շարք մը մարզաձեւերուն մէջ, որոնց կարգին` ըմբշամարտ, ծանրաբարձութիւն, կռփամարտ, սամպօ, ժիւտօ եւ այլն: ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ 2015-ի եւրոպական...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ինքնաշարժի Մրցումներու Ֆրանսահայ Վարորդը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր  ընդունած է ինքնաշարժի միջազգային մրցումներու ֆրանսահայ հանրածանօթ վարորդ, բազմաթիւ մրցավազքերու մրցանակակիր Նիքոլա Մինասեանը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ նշած, որ Հայաստանի մէջ միշտ կը հպարտանան որեւէ մարզի մէջ համաշխարհային մակարդակով յաջողութիւններ նուաճած մեր հայրենակիցներով: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է, որ Ն. Մինասեան ոչ միայն չէ կորսնցուցած կապը հայրենիքին հետ, այլ Հայաստան այցելած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թատամոն - Հուփս մրցումը: Բ. խմբակին մաս կազմող վերոնշեալ երկու խումբերը Բ. հանգրուանին գծով ցարդ կատարած են երկուքական մրցում: Թատամոն արձանագրած է 2 յաղթանակ, մինչ Հուփս` յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը: Նշենք, որ իւրաքանչիւր օր...

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

11-18 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) հայրենի ծանրաբարձները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է այս ախոյեանութեան մասնակցող հայ ծանրաբարձներուն հաւանական կազմին մասին: ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Ալավերդեան նպատակ ունի 6 դասակարգերուն մէջ հանդէս գալ 8 մարզիկներով: Հետեւաբար, հաւանական կազմն է. Սմբատ Մարգարեան (56...

Դահուկարշաւ.  Այսօր Կը Սկսի Միջազգային 24-րդ Շաբաթը

Դահուկարշաւ. Այսօր Կը Սկսի Միջազգային 24-րդ Շաբաթը

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 12 մարտին, Արզի շրջանին մէջ կը սկսի դահուկարշաւի միջազգային 24-րդ շաբաթը` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Ժունիէի մէջ գտնուող Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիէն ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ յայտարարեց, որ երեք օրերու վրայ երկարող այս միջազգային 24-րդ շաբթուան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16 երկիրներու 90 դահուկորդներ, ինչ...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 15 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականները Ունեցան Նոր Գլխաւոր Մարզիչներ

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 15 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականները ունեցան նոր գլխաւոր մարզիչներ: 15 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արամ Դանիէլեան, իսկ անոր օգնական` Սարգիս Մովսիսեան: Նշենք, որ մինչ այդ Արամ Դանիէլեան կը գլխաւորէր 17 տարեկանէն վար հաւաքականը: Իսկ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Մարք Լելեւր ստանձնեց 19 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչի...

Ճատրակ.  Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով` ՖԻՏԷ-ն յայտնեց, որ 18-29 ապրիլին Չինաստանի Շենկ Տու քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի աղջկանց ազգային խումբերուն մասնակցող խումբերը վերջնականապէս յստակացան: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերն են` ՀԱՅԱՍՏԱՆ, Ուքրանիա, Ռուսիա, Չինաստան, Վրաստան, Ղազախստան, Լեհաստան, Միացեալ Նահանգներ, Եգիպտոս եւ Հնդկաստան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Այլ Պարտութիւն Մը, Այս Անգամ Պիպլոսէն` 90-88 Արդիւնքով

ՀՄԸՄ - Պիպլոս երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի երթի իր կատարած երկրորդ մրցումին, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը: ՀՄԸՄ գրեթէ մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել աւելի քան 20-ի: Սակայն զարմանալիօրէն ինչ որ վերջին քորթըրին պատահեցաւ ոչ ոք հասկցաւ,...

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 17 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական

Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 29 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մրցում մը ունի կատարելիք Ալպանիոյ դէմ: Այս մրցումին նախապատրաստուելու համար Հայաստանի հաւաքականը 23-27 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ արդէն իսկ հրապարակեց արտասահմանի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք այդ մարզական հաւաքին մասնակցելու հրաւէր ստացած են:...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Փորթօ Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Փորթոյի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու ճակատումներ: Թէեւ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն նկատի ունենալով, որ արքայական խումբը երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, գերմանական ակումբը դուրս մնաց մրցաշարքէն: Ռէալի կոլերը նշանակեցին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (2 կոլ) եւ Քարիմ Պենզեմա: Ռէալ Մատրիտի նման քառորդ...

3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստան Հանդէս Պիտի Գայ Լաթվիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Զտումի Մրցումներուն

ArmSport.am կը յայտնէ, որ ՖԻՊԱ - Եւրոպան հրապարակեց 3x3 պասքեթպոլի Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն խմբակներուն ցանկը: Հայաստան, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, զտումի մրցումներուն պիտի ճակատի հետեւեալ խումբերուն դէմ. Լաթվիա, Հունգարիա, Ռումանիա, Էսթոնիա, Ֆրանսա, Իսրայէլ, Զուիցերիա եւ Դանիա: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ` 1-2 օգոստոսին: Այդ 9 խումբերէն լաւագոյն 5 պիտի անցնին աւարտական հանգրուան,...

Page 1247 of 1274 1 … 1,246 1,247 1,248 … 1,274

Արխիւներ