Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Ալճերիոյ եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբերու նախկին մարզիչ Վահիտ Հալիլհոծիչ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ` յաջորդելով Խաւիէ Ակուիրէի:
62 տարեկան պոսնիացի Հալիլհոծիչ նախորդ նոյեմբերէն ի վեր կը մնար անգործ` լքելէ ետք թրքական Տրապիզոնսփորը:
Լուրը հաղորդող «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը շարունակեց նշելով, որ Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, ինչ որ կը նշանակէ, որ նոր մարզիչը շատ դիւրութեամբ կրնայ կազմաւորել իր կազմը` դիտելով իւրաքանչիւր մարզիկի խաղարկութիւնը: