ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ողջունած է Պաքուի մէջ Եւրոպական առաջին ամառնային խաղերուն հայ մարզիկներու մասնակցութեան մասին լուրը: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճան ողջունէ այդ որոշումը: Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Լաւ նորութիւն է, որ հայ մարզիկները պիտի մրցին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական խաղերուն: Յոյսով եմ` Ազրպէյճան կ՛ողջունէ որոշումը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ հայ մարզիկները պիտի մասնակցին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական առաջին ամառնային խաղերուն: 10 մարտին գումարուած էր Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած էր Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական առաջին ամառնային խաղերուն հայ մարզիկներու մասնակցութեան հարցը: