ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 15 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականները ունեցան նոր գլխաւոր մարզիչներ:
15 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արամ Դանիէլեան, իսկ անոր օգնական` Սարգիս Մովսիսեան:
Նշենք, որ մինչ այդ Արամ Դանիէլեան կը գլխաւորէր 17 տարեկանէն վար հաւաքականը:
Իսկ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Մարք Լելեւր ստանձնեց 19 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները: