Քաթալոնական Պարսելոնայի յետսապահ Տանիել Ալվես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, յայտնեց «Մարքա» պարբերաթերթը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին հաղորդած տեղեկութեան, պրազիլցին, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, տարեկան 9 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ:
Նշենք, որ 31 տարեկան պրազիլցին Փարիզ մեկնած էր հանգիստի համար, որուն թոյլտուութիւնը տուած էր անոր ակումբը` Պարսա:
Հոս տեղին է նշել, որ Ալվեսի պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ կ՛աւարտի այս ամառ, որմէ ետք ան կը ստանայ ազատ մարզիկի կարգավիճակ:


