Սերեսօ Օսաքա (Ճափոն) ֆութպոլի ակումբին հետ հանդէս եկող ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլան եկաւ վերջ մը դնելու իր միջազգային արհեստավարժ ասպարէզին, յայտնեց «Կլոպօ Էսփորթ» կայքը:
«Այսպիսի որոշում տալու պատճառը տարիքս չէ, որովհետեւ ֆիզիքապէս ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ: Պարզապէս կ՛ուզեմ առիթ տալ երիտասարդ մարզիկներուն, որպէսզի անոնք յաջողին իրենք զիրենք փաստել «Քոփա Ամերիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին եւ մոնտիալին», ըսաւ 35 տարեկան Ֆորլան, որ առաջին անգամ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրեց 2002-ին եւ մասնակցեցաւ երեք Մոնտիալներու: