Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ին. Ժերար Պիտի Միանայ Լոս Անճելըս Կալաքսիի
Ինչպէս կը յայտնէ ամերիկեան «Ի. Էս. Փի. Էն.» կայքը, Լիվըրփուլի խմբապետ Սթիւըն Ժերար պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ «Մէյճըր Լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, 34 տարեկան միջնապահը իր նոր ակումբէն տարեկան պիտի գանձէ 6 միլիոն ամերիկեան տոլարի աշխատավարձ: Նշենք, որ Ժերար համաձայն չգտնուեցաւ Լիվըրփուլի հետ երկարաձգելու իր պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի ընթացիկ տարեշրջանին վերջը:








