Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի երթի իր կատարած երկրորդ մրցումին, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
ՀՄԸՄ գրեթէ մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել աւելի քան 20-ի:
Սակայն զարմանալիօրէն ինչ որ վերջին քորթըրին պատահեցաւ ոչ ոք հասկցաւ, եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն կարգ մը սխալները առիթ տուին մրցակիցին, որ կէտերու տարբերութիւնը հետզհետէ նուազեցնէ եւ տանի վերջնական յաղթանակը` երկու կէտի տարբերութեամբ` 90-88 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 32-19, 54-36, 73-54 եւ 88-90:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).
Մարիօ Ապպուտ (16′ 10″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ), Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 23 կէտ, 7 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (32′ 06″, 7 կէտ, 10 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (40′ 00″, 25 կէտ, 16 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (14′ 17″, 3 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (33′ 35″, 15 կէտ, 1 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (23′ 49″, 13 կէտ, 3 ռիպաունտ):
Իսկ Պիպլոսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճեսմըն Եանկպլատ (34′ 36″, 34 կէտ 7 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Ֆարես Ուիլիամ` 21 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ժորժ Տըրղամ եւ Ռապիհ Մասր:
Ստորեւ` կու տանք Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն երրորդ ճակատումներուն յայտագիրը.
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 12 ՄԱՐՏ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Թատամոն – Հուփս | 18:00 | Ֆուատ Շեհապ |
ՈՒՐԲԱԹ, 13 ՄԱՐՏ | ||
Ռիատի – Պիպլոս | 17:50 | Մանարա |
ՇԱԲԱԹ, 14 ՄԱՐՏ | ||
Մութթահետ – ՀՄԸՄ | 17:00 | Սաֆատի |
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՄԱՐՏ | ||
Սաժես – Շանվիլ | 17:00 | Ղազիր |