ArmSport.am կը յայտնէ, որ ՖԻՊԱ – Եւրոպան հրապարակեց 3×3 պասքեթպոլի Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն խմբակներուն ցանկը:
Հայաստան, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, զտումի մրցումներուն պիտի ճակատի հետեւեալ խումբերուն դէմ.
Լաթվիա, Հունգարիա, Ռումանիա, Էսթոնիա, Ֆրանսա, Իսրայէլ, Զուիցերիա եւ Դանիա:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ` 1-2 օգոստոսին:
Այդ 9 խումբերէն լաւագոյն 5 պիտի անցնին աւարտական հանգրուան, որուն մրցումները տեղի պիտի ունենան Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ` 22-23 օգոստոսին: