Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 12 մարտին, Արզի շրջանին մէջ կը սկսի դահուկարշաւի միջազգային 24-րդ շաբաթը` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:
Ժունիէի մէջ գտնուող Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիէն ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ յայտարարեց, որ երեք օրերու վրայ երկարող այս միջազգային 24-րդ շաբթուան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16 երկիրներու 90 դահուկորդներ, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը:
Միջազգային այդ շաբթուան մասնակցող երկիրներն են` Սլովենիա, Պուլկարիա, Սլովաքիա, Լեհաստան, Սերպիա, Պոսնիա, Աւստրիա, Ուքրանիա, Ալպանիա, Հունգարիա, Կիպրոս, Իրան, Փորթուգալ, Յունաստան, Մոնթենեկրօ եւ հիւրընկալ երկիրը` Լիբանան:
Սալամէ ըսաւ, որ առհասարակ բոլոր մասնակցող մարզիկներն ալ Ա. կարգի դահուկորդներ են, ինչ որ կը նշանակէ, որ պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր:
Նշենք, որ անոր բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր կէսօրին` Արզի մէջ, որմէ ետք Պշարրէի քաղաքապետութիւնը, բոլոր ներկաները պիտի պատուէ ճաշով մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Սան Պեռնար» ճաշարանին մէջ: