Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թատամոն – Հուփս մրցումը:
Բ. խմբակին մաս կազմող վերոնշեալ երկու խումբերը Բ. հանգրուանին գծով ցարդ կատարած են երկուքական մրցում:
Թատամոն արձանագրած է 2 յաղթանակ, մինչ Հուփս` յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր օր տեղի կ՛ունենայ մրցում մը: Երթի 3-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին կիրակի, 15 մարտին: