11-18 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) հայրենի ծանրաբարձները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է այս ախոյեանութեան մասնակցող հայ ծանրաբարձներուն հաւանական կազմին մասին:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Ալավերդեան նպատակ ունի 6 դասակարգերուն մէջ հանդէս գալ 8 մարզիկներով:
Հետեւաբար, հաւանական կազմն է.
Սմբատ Մարգարեան (56 քկ), Աղասի Աղասեան (85 քկ), Ռոստոմ Կարապետեան, Վանիկ Աւետիսեան (69 քկ), Առաքել Միրզոյեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Տիգրան Մարտիրոսեան (77 քկ) եւ Ռուբէն Ալեքսանեան (գերծանր դասակարգ):