Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով` ՖԻՏԷ-ն յայտնեց, որ 18-29 ապրիլին Չինաստանի Շենկ Տու քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի աղջկանց ազգային խումբերուն մասնակցող խումբերը վերջնականապէս յստակացան:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերն են` ՀԱՅԱՍՏԱՆ, Ուքրանիա, Ռուսիա, Չինաստան, Վրաստան, Ղազախստան, Լեհաստան, Միացեալ Նահանգներ, Եգիպտոս եւ Հնդկաստան: