Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունած է ինքնաշարժի միջազգային մրցումներու ֆրանսահայ հանրածանօթ վարորդ, բազմաթիւ մրցավազքերու մրցանակակիր Նիքոլա Մինասեանը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ նշած, որ Հայաստանի մէջ միշտ կը հպարտանան որեւէ մարզի մէջ համաշխարհային մակարդակով յաջողութիւններ նուաճած մեր հայրենակիցներով: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է, որ Ն. Մինասեան ոչ միայն չէ կորսնցուցած կապը հայրենիքին հետ, այլ Հայաստան այցելած է իր գործունէութեամբ մեր պետութեան ու ժողովուրդին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ:
Նիքոլա Մինասեան նշած է, որ ուրախ է հայրենիք այցելելու եւ նաեւ ինքնաշարժի մրցումներու Հայաստանի ֆետերասիոնին հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն սկսելու համար: Ան նախագահին ներկայացուցած է իր ծրագիրները` ընդգծելով, որ շուրջ 25 տարիէ ի վեր կը զբաղի այս մարզաձեւով, եւ իր երազն է Հայաստանի մէջ հիմնել այդ մարզաձեւի դպրոց, մարզել երիտասարդները, ինչպէս նաեւ ստեղծել Հայաստանի դրօշակին տակ աշխարհի մէջ հանդէս եկող ինքնաշարժի մրցումներու վարորդներու լաւ խումբ: Այդ մարզաձեւը, ըստ Նիքոլա Մինասեանի, կը ծառայէ բարեգործական նպատակներու` աջակցութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի կարիքաւորներուն:
Սերժ Սարգսեան ողջունած է Մինասեանի ծրագիրները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած, անհրաժեշտութեան պարագային, աջակցելու անոնց իրականացման եւ Հայաստանի մէջ այդ մարզաձեւի զարգացման: