Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն իր գումարած փակ նիստին ընթացքին որոշում տուաւ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունենալիք 2015-ի եւրոպական խաղերուն:
Այս խաղերուն Հայաստան մտադիր է բարձր տեղերու համար պայքարիլ անհատական շարք մը մարզաձեւերուն մէջ, որոնց կարգին` ըմբշամարտ, ծանրաբարձութիւն, կռփամարտ, սամպօ, ժիւտօ եւ այլն:
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ 2015-ի եւրոպական այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 12-18 յուլիսին: