Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Մասին Հակիրճ Մանրամասնութիւններ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող խումբերը իրենց արձանագրած յաղթանակներուն եւ հաւասարութիւններուն շնորհիւ ամրապնդեցին իրենց դիրքերը: Սպանիոյ մէջ առաջին երկու դիրքերուն միջեւ գտնուող երկու կազմերուն` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ մէկ կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար Էյպարի եւ Լեվանթէի դէմ: Լիոնել Մեսսի եւ...

Ճատրակ.  Դանիէլեան, Մկրտչեան Եւ Աբրահամեան Կը Մասնակցին Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Դանիէլեան, Մկրտչեան Եւ Աբրահամեան Կը Մասնակցին Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ երեք հայեր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան, որ սկսաւ 16 մարտին, Սոչիի մէջ, Ռուսիա: Այդ երեք հայերն են` կրանտմասթըրներ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան (Հայաստան) եւ Տաթեւ Աբրահամեան (Միացեալ Նահանգներ): Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա` 1-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ աւելի քան 500 համակիրներու ներկայութեան հիւրընկալեց Շեպիպեթ Մազրաան: Հիւր կազմը 22-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` անակնկալ կոլ մը նշանակելով ՀՄԸՄ-ի բերդին մէջ` օգտուելով ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողական գիծին սխալէն: 28-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել` շնորհիւ հայրենի մարզիկ Գէորգ Օհանեանի նշանակած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երթին իր կատարած երրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ նախանցեալ օր Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրը եղաւ Մութթահետի: ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն կողովի մը տարբերութեամբ յաջորդաբար պարտուած էր Ռիատի Պէյրութէն եւ Պիպլոսէն, այս մրցումին եւս պարտուեցաւ` 11 կէտի տարբերութեամբ` 90-79 արդինքով (24-15, 45-38, 63-60 եւ 90-79): Ինչպէս ակնյայտ է, չորս քորթըրներուն ալ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի` 65-44

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Արապին: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, 65-44 արդիւնքով (17-4, 15-11, 11-16 եւ 22-13): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան (16), ապա յաջորդաբար` Այտա Պախոս (15), Սանտրա Նաժըմ (13), Լէյլա Ֆարես...

Արցախցի Մարզիկը` Աշխարհի Ախոյեան

Արցախցի Մարզիկը` Աշխարհի Ախոյեան

Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի Մուայ Թայ ախոյեանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարտարուեստներու ֆետերասիոնի սան, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին կից մանկապատանեկան մարզադպրոցի (տնօրէն` Էմիս Յովհաննիսեան), Մուայ Թայ խումբի մարզիկ Դաւիթ Հայրապետեան դարձեալ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Նշենք, որ անոր մարզիչն է Գարեգին Աղաբալեան: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարտարուեստներու ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դանիէլ Մկրտչեան նշեց, որ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին այս յաղթանակը Գարեգին Աղաբալեանի սաներուն...

Վազքի Մրցում. ՀՄԸՄ Պէյրութ` Նաքուրայի Մէջ

Կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կազմակերպած էին 10 քմ վազքի մրցում մը` հարաւային Լիբանանի Նաքուրա շրջանին մէջ: Սոյն վազքի մրցումին կազմակերպման կ՛օժանդակէին նաեւ շրջանի միութիւնները: Վազքի մրցումին մասնակցեցան 500-է աւելի երկսեռ մարզիկներ` ՄԱԿ-էն, լիբանանեան բանակէն եւ մարզական ակումբներէ: ՀՄԸՄ Պէյրութ ներկայ էր սոյն վազքի մրցումին. 10 քմ վազքը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Նաքուրայի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնին դիմացէն,...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Թիֆլիս Մեկնող Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

9-18 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 38 երկիրներու 290 մարզիկներ: Եւրոպայի աղջկանց 28-րդ ախոյեանութեան 7 դասակարգերուն մէջ մետալներու համար պիտի պայքարին 118 ծանրաբարձներ, իսկ տղոց 94-րդ ախոյեանութեան` 172 ծանրաբարձներ, 8 դասակարգերու մէջ: Աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցելու համար Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները. Աննա Կովելեան (53 քկ),...

Չճանչցուած Երկիրներու Եւրոպայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Արցախի Մրցակիցները Յայտնի Են

Չճանչցուած Երկիրներու Եւրոպայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Արցախի Մրցակիցները Յայտնի Են

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ չճանչցուած երկիրներու 2015-ի Եւրոպայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 13-21 յունիսին` Մեն կղզիին մէջ: Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փատանիան եւ Ֆրանքոնիան: ArmSport.am լրատուական կայքը կ՛աւելցնէ, որ մնացեալ խմբակներուն մաս կազմող խումբերն են` Բ. խմբակ` Քաունթէա Տէ Նիսսա, Էլլան Վանին եւ Ռոմանի Փիփըլ, Գ. խմբակ` հիւսիսային...

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Տիրացաւ Տարեշրջանի Բացման` Աւստրալիոյ Կրան Փրիին

Լուիս Հեմիլթըն (կեդրոնը) «Ֆորմիւլա-1»-ի 2015 տարուան ախոյեանութիւնը սկսաւ երէկ` կիրակի, 15 մարտին, երբ տեղի ունեցաւ տարեշրջանի բացման` Աւստրալիոյ կրան փրիին: Ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 1 ժամ 31' 54" արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին: Ստորեւ` Աւստրալիոյ կրան փրիին թեքնիք արդիւնքները. 1.- Լուիս Հեմիլթըն (Մերսետես) 1 ժամ 31' 54" 2.- Նիքօ Ռոզպըրկ (Մերսետես) 1" ուշ 3.- Սեպասթիան...

Ճատրակ. Տիգրան Պետրոսեան 3-րդ Հանգրուանին Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Լ. Պետրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թաշկենդի (Ուզպեքիստան) մէջ տեղի ունեցող Ակզամովի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, լաւ ձեւով սկսաւ այս մրցաշարքը` յաջորդաբար յաղթելէ ետք Ալիշեր Քարիմովի (Տաճիկիստան) եւ Նոտիրպեք Ապտիւսաթորովի (Ուզպեքիստան): Սակայն 3-րդ հանգրուանին հայրենի վարպետը կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Ալեքսէյ Պարսովէն (Ուզպեքիստան), կը յայտնէ Armchess.am:

Սամուէլ Պետրոսեան` Գանձասար Կապանի Թեքնիք Տնօրէն

Գանձասար Կապանի պատասխանատուները փորձառու մասնագէտ Սամուէլ Պետրոսեանին առաջարկեցին ստանձնել ակումբին թեքնիք տնօրէնի եւ մարզիչ-խորհրդականի պաշտօնը, որ ընդունուեցաւ Պետրոսեանին կողմէ, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը: Ինչ կը վերաբերի գլխաւոր մարզիչին, ապա այդ պարտականութիւնը պիտի կատարէ Աշոտ Բարսեղեան: Իսկ ակումբին ընդհանուր տնօրէն նշանակուեցաւ Վահան Դանիէլեան, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:  

Նշմար. Մարզական Խառնաշփոթ

ԹՈՐԳՈՄ Բնականաբար այդպէս ալ պիտի ըլլար: Աշխարհի մէջ արժէքներու տապալումը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենար մարզական խաղերուն վրայ, որոնց ընթացքին խարդախութիւնը, վայրագութիւնը, կռուազանութիւնը, ոչ մարզավայել ոգին եւ ագահութիւնը կը կերպարանափոխեն էութիւնը մարզական մրցումներուն, որոնց հետեւող մանաւանդ պատանիներուն նկարագիրները մարզական խաղերու միջոցով եւս կը խաթարուին: Միջազգային մակարդակներու վրայ շահերը այնքան «իւղոտ» են, որ ակումբներու սեփականատէրերը, մարզիչներն ու մարզիկները անպայման յաղթելու մարմաջով,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ կը կատարէ երթի իր երրորդ մրցումը` Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրը ըլլալով Մութթահետին: Երկու կազմերն ալ ցարդ իրենց կատարած երկու մրցումներն ալ պարտութեամբ աւարտած են: Հետեւաբար այսօր խումբ մը պիտի կրէ իր երրորդ պարտութիւնը: Նշենք, որ Բ. հանգրուանի երթի մրցումները կ՛աւարտին վաղը,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնք պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 19-ՐԴ...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Ճատրակի Յանձնախումբ.   Լիբանանեան Պասքեթպոլ  Տղոց Բ. Հանգրուանի Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Ճատրակի Յանձնախումբ. Լիբանանեան Պասքեթպոլ Տղոց Բ. Հանգրուանի Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի երեքշաբթի, 17 մարտին եւ կ՛աւարտի կիրակի, 29 մարտին: Ստորեւ մրցումներուն յայտագիրը. ԴԱՐՁԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 17 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Մութթահետ - Պիպլոս 19:00 Սաֆատի ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 18 ՄԱՐՏ ՀՄԸՄ - Ռիատի 19:00 Աղբալեան ՇԱԲԱԹ, 21 ՄԱՐՏ Հուփս - Սաժես 17:00 Միշել Մըր...

Ճատրակի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Ճատրակի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45-ամեակը նշելու համար եւ մարզական աշխատանքներուն զարկ տալու նպատակով, մասնաճիւղի ճատրակի յանձնախումբը կազմակերպած է ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը, կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Մանրամասնութեան համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն. 03-257788 եւ 70-231827:

Գաբրիէլ Սարգսեան. «Սխալ Կը Նկատեմ, Որ Հայ Մարզիկները Ազրպէյճանի Մէջ Մասնակցին Ճատրակի Մրցաշարքին»

Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան յաջողեցաւ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունք ստանալ. սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն` Ազրպէյճանի մէջ: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին 31 տարեկան Սարգսեան տուաւ իր կարծիքը Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին գծով: «Թէեւ առաւելագոյն 11 կէտէն 7,5 կէտ ապահովեցի եւ 18-րդ դիրքը գրաւելով...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եուրոփա Լիկ». Ինթեր Միլան Եւ Այաքս Ամսթերտամ Պարտուեցան

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն, Այաքս Ամսթերտամ եւ Ինթեր Միլան օտար դաշտերու վրայ պարտութիւններ կրեցին: Առաջինը պարտուեցաւ Տնիփրօ Տնիփրոփեթրովսքէն (Ուքրանիա)` 1-0 արդիւնքով, մինչ Ինթեր` գերմանական Վոլֆսպուրկէն (3-1): Ստորեւ` երթի մրցումներուն արդիւնքները. Էվըրթըն (Անգլիա) - Տինամօ Քիեւ (Ուքրանիա) 2-1 Ֆիորենթինա (Իտալիա) - Ա. Էս. Ռոմա (Իտալիա) 1-1 Նափոլի (Իտալիա) - Տինամիօ Մոսկուա (Ռուսիա) 3-1 Վիարէալ (Սպանիա) - Սեւիլլա...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք բազմաթիւ հետաքրքրական մրցումներուն ծիրին մէջ գագաթի ճակատում մը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ, ուր Մարսէյ պիտի հիւրընկալէ Լիոնը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 29-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Քրիսթալ Փալաս (12) - Քուինզ Փարք (18) 14:45 Լայսթըր Սիթի (20) - Հալ Սիթի (15) 17:00 Արսենալ...

Page 1246 of 1274 1 … 1,245 1,246 1,247 … 1,274

Արխիւներ