Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, աշխարհի գործող ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի միացեալ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ այցելեց Եղիշէ Չարենցի անուան Երեւանի հիմնական դպրոցը, ուր անցեալին ուսանող եղած է:
Դպրոց կատարուած այս այցելութեան ընթացքին, Ջուլֆալակեան զրուցեց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ, ապա պատասխանեց նաեւ աշակերտները յուզող շարք մը հարցումներու:
Աւարտին դպրոցի մարզիկ-սաները ցուցադրական ելոյթներ ներկայացուցին:
Ջուլֆալակեան խօսեցաւ նաեւ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն Հայաստանի մասնակցութեան առնչութեամբ իր դիրքորոշումին մասին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Իր խօսքին մէջ Ջուլֆալակեան ըսաւ.
«Նախ նշեմ, որ վախի զգացում բացարձակապէս չկայ: 2007-ին հօրս հետ գացած ենք Պաքու: Շատ վատ պայմաններ էին, որովհետեւ մարդ ինքզինք հոն բանտարկեալ կը զգայ` սկսելով օդակայանէն մինչեւ մրցումներուն աւարտը:
«Ինծի համար ամէնէն կարեւորին մասին խօսիմ` մարզիկի դիտանկիւնէն: Երբ իմանամ, որ լիարժէք պայմաններ են, առաջինը ես կ՛երթամ:
«Մեր նպատակն է ողիմպիական վարկանիշներ ձեռք ձգել, իսկ կարելի է ձեռք ձգել մասնակցելով աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի մէջ: Պիտի աշխատիմ լաւագոյնս պատրաստուիլ անոր:
«Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն միջեւ եղող ժամանակը 2 ամիս է, որ նախապատրաստուելու համար բաւարար չէ: Արհեստավարժ ոչ մէկ մարզիկ ցանկութիւն կը յայտնէ մասնակցելու երկու ախոյեանութիւններու: Այս գծով, փորձառութիւն ունիմ: 3 ամսուան ժամանակամիջոց մը ունէի: Մտածեցի, որ կը հասնիմ նախապատրաստուիլ, բայց սխալեցայ:
«Կ՛եզրափակեմ ըսելով, որ երբեք չեմ վախնար Ազրպէյճանի մայրաքաղաքը` Պաքու մեկնելէ», ըսաւ Ջուլֆալակեան իր զրոյցին ընթացքին: