«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու ճակատումներ:
Թէեւ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն նկատի ունենալով, որ արքայական խումբը երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, գերմանական ակումբը դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Ռէալի կոլերը նշանակեցին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (2 կոլ) եւ Քարիմ Պենզեմա:
Ռէալ Մատրիտի նման քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Փորթօ, որ 4-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պալին (երթ` 1-1):
Նշենք, որ մրցումին վերջին վայրկեանին, Պալի մարզիկներէն մէկը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով (փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները, իսկ ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ | |
Պայէրն Միւնիխ – Շախտիոր Տոնեցք (0-0) | 21:45 |
Չելսի – Փարիզ Սեն Ժերմեն (1-1) | 21:45 |