Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը  Վաղը` Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը Վաղը` Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան շաբաթավերջի մրցումներուն ծիրին մէջ յատկանշական եւ բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Եունայթըտը եւ Սիթին: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ խումբերուն գրաւած դիրքերը` ընդհանուր դասաւորման մէջ). ԱՆԳԼԻԱ. 32-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Սուանզի (8) - Էվըրթըն (12) 14:45 Սաութհեմփթըն (7) - Հալ Սիթի (17) 17:00 Սանտըրլենտ (15) -...

Եուրօ-2016. Ալպանիա Շատ Հաւանաբար 3 Կէտ Ստանայ…

Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ յոյսով է, որ Լոզանի մարզական վճռաբեկ դատարանը («CAS») իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին երեք կէտ կու տայ` նկատի ունենալով, որ Սերպիոյ դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2016-ի զտումի մրցումը մնացած էր անաւարտ: Հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցած այդ մրցումը ընդհատուած էր, երբ անիկա կ՛ընթանար 0-0 արդիւնքով: Մարզադաշտ ներխուժած էր անօդաչու թռչող սարք մը` «Մեծ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Սաժեսի Մարզիկ Մոհամետ Զըրաքաթ Ցմահ Կախակայուեցաւ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ֆետերասիոնին պատժական յանձնախումբը, քննելէ ետք Սաժես - ՀՄԸՄ մրցումէն ետք (Բ. դասակարգի ախոյեանութիւն) տեղի ունեցած պատահարը, կը յայտարարէ հետեւեալը. «Ինչպէս ծանօթ է, այդ մրցումին Սաժեսի մարզիկ Մոհամետ Զըրաքաթ կախակայուած էր: «Սակայն ան դաշտ մտնելով փորձեց յարձակիլ օրուան կեդրոնի իրաւարարին վրայ եւ հայհոյեց մրցակից կազմին: «Ասկէ մեկնելով` ֆետերասիոնը ցմահ կը կախակայէ եւ...

Այս Տարեշրջանին Աւարտէն Ետք. Տենի Ալվես Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն

Պարսելոնայի պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվեսի գործակալը` Տինորա Սանթա Անան, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք Ալվես պիտի հեռանայ Պարսելոնայէն, որովհետեւ իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ: «Ամբողջ տարին սպասեցինք Պարսելոնայի հետ բանակցութիւններուն: Երկու ակումբներէ առաջարկներ ունէինք, բայց մենք բոլոր բանակցութիւնները դադրեցուցինք, որպէսզի լսենք Պարսան: Ալվես շատ ուրախ պիտի մնար, եթէ մնար այն նոյն աշխատավարձով, ինչ որ կը...

Իպրահիմովիչ 4 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Իր լուրը քաղելով «Պի. Պի. Սի.»-էն ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Լիկ»-1»-ի ախոյեանութեան գծով 4 մրցումով կախակայեց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչը: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, Շուէտի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստին որակազրկման պատճառը այն է, որ «Լիկ-1»-ի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին, Պորտոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք ան իր կատարած յայտարարութեամբ վիրաւորած էր օրուան իրաւարարները: Աւելի...

Ռիօ-2016.  Մէկ Շաբթուան Ընթացքին 1,2 Միլիոն Տոմս Ծախուեցաւ

Ռիօ-2016. Մէկ Շաբթուան Ընթացքին 1,2 Միլիոն Տոմս Ծախուեցաւ

Իր լուրը քաղելով ԱՖՓ լրատու գործակալութենէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ սկսան ծախուիլ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն տոմսերը: Այդ տոմսերուն վաճառքէն մէկ օր ետք արդէն իսկ ծախուած է 1,2 միլիոն տոմս: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, ցարդ ամէնէն շատ վաճառուող տոմսերը թենիսի մրցաշարքին են, անոնց կը յաջորդեն ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի տոմսերը: Նշենք, որ աշխարհի տարածքին վաճառքի համար...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 87-82

Սաժես - ՀՄԸՄ երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանին (քառորդ աւարտական) ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես - ՀՄԸՄ առաջին մրցումը: Թէեւ ՀՄԸՄ-ի կազմը բաւական լաւ ներկայացում մը կատարեց եւ յաջողեցաւ մրցումին ընթացքին հինգ կէտի առաւելութիւն մը ունենալ, սակայն դաշտին տէրը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 87-82 արդիւնքով (24-20, 41-40, 61-65 եւ 87-82):...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 69-62

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 69-62 արդիւնքով (14-10, 22-27, 46-47 եւ 69-62): Այսպիսով, Ռիատի երթուդարձի մրցումները աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ, առանց պարտութիւն կրելու, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կրեց երկու պարտութիւն, գրաւեց դասաւորման 2-րդ...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան Բարձրացաւ 77-րդ Դիրք

Երէկ, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Նախորդ ամսուան հետ բաղդատած, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2 դիրք բարձրանալով այժմ կը գրաւէ 77-րդ դիրքը: Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Փորթուգալ` 7-րդ, Դանիա` 28-րդ, Սերպիա` 44-րդ եւ Ալպանիա 57-րդ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Գերմանիա` իր ետին ձգելով Արժանթինը: 3-րդ դիրքը կը գրաւէ...

Մանուչարեան` Ուրալի Խմբապետ

Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Եքաթերինպուրկի Ուրալը իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քուպանը, շնորհիւ Սմոլովի նշանակած կոլերուն (44-րդ եւ 90-րդ): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Մանուչարեան, որ Ուրալի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, խումբին խմբապետի պաշտօնը յանձն առած էր: Ան 76-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն...

Աբրահամ Խաշմանեան 2 Մրցումով Որակազրկուեցաւ

Լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն` հայկական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան երկու մրցումով որակազրկուեցաւ: 47 տարեկան մասնագէտը Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Շիրակի դէմ տեղի ունեցած 20-րդ հանգրուանի մրցումին (1-1) մարզիչի համար տրամադրուած բաժինէն դուրս գալով հեռացուած էր պահեստի մարզիկներուն բաժինէն: Անոր այդ որակազրկումէն բացի, անոր ակումբը` Ալաշկերտ ստացաւ նաեւ 50 հազար դրամի տուգանք...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, նախքան իր օրակարգին վրայ եղող հարցերուն քննարկումին սկսիլը, շնորհաւորեց Ռիատի Պէյրութը, որ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան: Նշենք, որ այս ժողովին ֆետերասիոնին անդամներէն բացի ներկայ էր նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին մարզիչը` սերպ Վասելին Մաթիչ: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց իրաւարար Փոլ Սքայեմը, որ «Ֆիպա-ԱՍԻԱ»-ին կողմէ իրաւարար նշանակուեցաւ, 9-19 յուլիսին, Հունգարիոյ մէջ տեղի...

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Փարիզ Սեն Ժերմեն – Օքսեռ Աւարտական

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան աւարտականին իրարու դէմ ճակատող խումբերը: Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սենթ Էթիենը, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Օքսեռը, որ նուազագոյն հաշուով յաղթեց Կենկանին: Սամմարիթանօ նշանակեց Օքսեռի եւ մրցումին միակ կոլը (15-րդ): Ինչ կը վերաբերի Սեն Ժերմենի արձանագրած յաղթանակին, Զլաթան Իպրահիմովիչ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (21-րդ, 81-րդ եւ...

Ռուսլան Քորեան` Կոլի Հեղինակ

Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի բաժակի մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Լոքոմոթիւ Թաշքենդ իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց քաթարեան Սատ խումբը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեան, որ այս մրցումին իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած էր, 65-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, ան նշանակեց իր կազմին վերջին կոլը, որ այս մրցաշարքին գծով եղաւ անոր առաջինը: Դասաւորումը...

Լիվըրփուլ Ամրան Ընթացքին Պիտի Փորձէ Ձեռք Ձգել Չիքարիթոն

Ռէալ Մատրիտի եւ Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Խաւիէ Չիքարիթօ, այժմէն իսկ Լիվըրփուլի հետաքրքրութեան առարկան դարձած է: Ինչպէս կը յայտնէ «Տը Միրըր», Պրենտըն Ռոճըրզ դիմած է ակումբին պատասխանատուներուն` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ բանակցելու համար: Ինչպէս ծանօթ է, 26 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ տրուած է արքայական ակումբին, իսկ անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին աւարտին: Նշենք, որ Չիքարիթոն կ՛ուզէ ձեռք ձգել նաեւ Օրլանտօ...

Յառաջիկայ Տարեշրջանին. Անտըրլեխթի 17 Տարեկան Միջնապահը Հանդէս Պիտի Գայ Աթլեթիքօ Մատրիտէն

Սպանական ԱՍ կայքին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտ արդէն իսկ պայմանաւորուած է Անտըրլեխթի 17 տարեկան միջնապահ Եուրի Թիլեմանսը ձեռք ձգելու հարցով: ArmSport.am կը յայտնէ, որ կողմերը իրարու հետ անոր տեղափոխման գծով արդէն իսկ նախնական համաձայնութեան եկած են, սակայն ան ցարդ պայմանագիր չէ ստորագրուած: Նշենք, որ Թիլեմանս 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պելճիքայի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին, իսկ Անտըրլեխթի գլխաւոր խումբին հետ ելոյթ...

Ռոնալտօ Նշանակեց Իր 300-րդ Կոլը` Ռէալ Մատրիտի Հետ

«Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ, որ ճակատեցաւ Ռայօ Վայեքանոյի դէմ, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Սպանիոյ այս տարեշրջանի լաւագոյն ռմբարկուն` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 68-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, յիշատակելի օր մը ունեցաւ արքայական ակումբին հետ` նկատի ունենալով, որ փորթուգալցին Ռէալ Մատրիտի շապիկով նշանակեց իր 300-րդ կոլը (բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին): Թէեւ ՌԷալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լացիօ Ռոմա – Եուվենթուս Աւարտական

Իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, Լացիօ Ռոմա եւ Եուվենթուս ապահովեցին Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին իրենց տոմսերը, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Նափոլիի (1-0) եւ Ֆիորենթինայի (3-0):

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 9 ապրիլին տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Ղազիրի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 17:00ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Սաժեսի դէմ: Ինչպէս ծանօթ է, Գ. հանգրուանի մրցումները այժմ կ՛ընթանան փլէյ-օֆի դրութեամբ, եւ 5 մրցումէ 3 յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ կիսաւարտականի իր տոմսը: Հետեւաբար, այս իրողութենէն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 9 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը, Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել` անպայման յաղթելու համար իրենց մրցակիցին, իսկ համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ռիատիի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:

Page 1237 of 1274 1 … 1,236 1,237 1,238 … 1,274

Արխիւներ