Մարզական

Աթլեթիզմ. Լորի Թաշճեան Առաջին` 400 Մեթր Վազքի Մրցումին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուրի դաշտին վրայ տեղի ունեցան 2015-ի Լիբանանի աթլեթիզմի 3-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց ընթացքին Սենտի Քարամ եւ Սարա Ճօ Քըրթպաուի լիբանանեան նոր մրցանիշներ հաստատեցին աղջկանց երկու տարբեր դասակարգերու` 3000 մեթր քալելու մրցումին: Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումին Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան 1' 05" 04 արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին:

«Պայք-Թրիփոլիի» Տարեկան Հեծելարշաւի Մրցում. Այսօր` «Սոշըլ-Ուէյ» Միութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Այսօր` հինգշաբթի, 9 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սոշըլ-Ուէյ» միութիւնը կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, հիւսիսի երկրաչափներու միութեան կեդրոնին մէջ (Թրիփոլի), որուն ընթացքին կ՛անդրադառնայ «Պայք-Թրիփոլի» տարեկան հեծելարշաւի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 26 ապրիլին, «Թրիփոլին` կեանքի քաղաք» անունին տակ: Նշենք, որ այս հեծելարշաւի առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ նախորդ տարի` «Թրիփոլին` խաղաղութեան քաղաք» անունին տակ, շատ մեծ յաջողութիւն գտաւ`...

Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Շարունակէ Իր Նախապատրաստութիւնը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը` գլխաւորութեամբ Դաւիթ Թորոսեանի եւ Մանուէլ Գաբրիէլեանի, երկու շաբթուան ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ: Գարնանային այս հաւաքին կը մասնակցին 28 կռփամարտիկներ, որոնք այս հաւաքին ընդմէջէն պիտի փորձեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները զօրացնել: Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցող այս հաւաքը պիտի ըլլայ նախապատրաստական հանգրուան մը` մայիսին տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքերէն առաջ, յայտնեց...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ: Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները վաւերացուեցան հետեւեալ ձեւով. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. Նեպի Շիթ - Անսար` 2-0, Ախա Ահլի Ալէյ - Շապապ Սահել` 2-0, Ահտ - Սաֆա` 2-0, Սալամ Զղարթա - Ռասինկ` 2-1, Նըժմէ - Թրիփոլի` 2-1 եւ Շապապ Ղազիէ - Թատամոն Սուր` 1-1: Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ....

18-19 Ապրիլին. Պէյրութի 8-րդ Մարզական Խաղերը` 27 Ընկերութիւններու Միջեւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 ապրիլին «Սփոր Էվազիոն», «Քաունթրի լոճ» համալիրին մէջ (Պսալիմ) մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 18-19 ապրիլին Ժամհուրի մէջ տեղի պիտի ունենան Պէյրութի 8-րդ մարզական խաղերը` 27 ընկերութիւններէ շուրջ երեք հազար երկսեռ մասնակցողներու միջեւ: «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ յայտարարեց, որ տարուէ տարի մասնակցող ընկերութիւններուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ, իսկ անոր...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Պատրաստ Է Ծախելու Վան Փերսին

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Տէյլի սթար» կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ ակումբին պատասխանատուներուն յայտնած է, որ կ՛ուզէ ծախել խումբին յառաջապահը` Ռոպին Վան Փերսին: Totalfootball.am կայքը կ՛աւելցնէ, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի պատրաստուի ծախելու հոլանտացի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահը, որ 2012-ին Արսենալէն տեղափոխուեցաւ մանչեսթըրեան ակումբ: Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընթացիկ...

Սան Անթոնիոյի Մեծ Եռեակը «Էն. Պի. Էյ.»-ի Պատմութեան Մէջ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը, Սան Անթոնիօ Սփըրզի մարզիկները` Թոնի Փարքըր, Թիմ Տանքըն եւ Մանիւ Կինոպիլի, «Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր մրցանիշ մը հաստատեցին: Օքլահոմա Սիթիի դէմ տեղի ունեցած այդ մրցումին, Սփըրզի մեծ եռեակը նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ 730-րդ մրցումն ըլլալով անոնք երեքը միասնաբար դաշտ ներկայացան: Անոնք այսպիսով գերազանցեցին Պոսթըն Սելթիքսի եռեակին` Լերի Պիոռտի, Ռոպըրթ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Իժթիմահի – ՀՄԸՄ` 3-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցան երեք ճակատումներ: Այդ մրցումներէն մէկը Թրիփոլիի մէջ իրարու դէմ հանեց Իժթիմահին եւ ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Իժթիմահիի յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով: Թէեւ հիւսիսեան խումբը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն ՀՄԸՄ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Սերժ Չաքըրեանի, որ գլխու հարուածով ցնցեց մրցակիցին բերդին ուռկանը: Սակայն...

Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութեան Հաւաքականներուն Կազմերը Յստակացան

18-29 ապրիլին Ծաղկաձորի մէջ Հայաստան կը հիւրընկալէ աշխարհի ճատրակի տղոց խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը երկիրներու հաւաքականները: Անոնք են` Հայաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Չինաստան, Քուպա, Հունգարիա, Միացեալ Նահանգներ, Հնդկաստան, Եգիպտոս եւ Իսրայէլ: Ինչպէս ծանօթ է, Իսրայէլ փոխարինեց Ազրպէյճանը, որ չուզեց այս ախոյեանութեան մասնակցիլ: Երէկ յստակացան այս ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականներուն կազմերը: Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի հետեւեալ կազմով. Լեւոն...

ՀՄԸՄ Պէյրութի Եւ ՀՄԸՄ  Պուրճ Համուտի Աթլեթիզմի Միթինկ

ՀՄԸՄ Պէյրութի Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Աթլեթիզմի Միթինկ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլ, 2015-ին տեղի ունեցաւ աթլեթիզմի միթինկ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի ակումբները, որոնց կարգին նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի ակումբները: Մրցո՛ւմին արձանագրուեցան բաւական գոհացուցիչ արդիւնքներ. Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցումներուն մանրամասն արդիւնքները. Բարձրութիւն (կրտսեր տղոց) 1.- Ժանօ Մուրատեան ՀՄԸՄ Պէյրութ 1,55մ 2.- Նշան Նորաշխարհեան ՀՄԸՄ Պէյրութ 1,50մ 3.- Ալեքս Կետիկեան ՀՄԸՄ Պուրճ...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կը Կատարէ Ֆութպոլի Բարեկամական Չորս Մրցում Եւս

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը այս տարուան ընթացքին պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ` 11 եւ 13 օգոստոսին Երեւանի մէջ մրցելով Սլովաքիոյ դէմ, իսկ 16 եւ 18 սեպտեմբերին` Մոլտովայի դէմ: ArmSport.am երէկ տեղեկացուց, որ վերոնշեալ 4 մրցումներէն բացի, 2015 տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան յաւելեալ 4 մրցումներ ալ` հետեւեալ ձեւով. 26 եւ 28...

Սարգիս Ադամեանի Տուպլէն Եւ Կոլի Փոխանցումը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու, յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ հանդէս կու գայ Գերմանիոյ չորրորդ դասակարգի հիւսիսային ենթախումբի Նիոշթրելից խումբին հետ, նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին հետ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վաքերի դէմ: Ան նշանակեց իր կազմին 2-րդ եւ 3-րդ կոլերը, ինչպէս նաեւ կոլային փոխանցում մըն ալ կատարեց: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Նիոշթրելից այժմ ունի 32 կէտ եւ բարձրացաւ 8-րդ...

Հայկական Ֆութպոլ. Յովհաննէս Գոհարեանի Ապաքինումը Երկար Կը Տեւէ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի 20-րդ հանգրուանի Ուլիս - Միքա մրցումին (0-1), տանտէրներու յառաջապահ Յովհաննէս Գոհարեան վնասուածք ստանալով տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց: Ուլիսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ բժշկական քննութիւններէն ետք յայտնի դարձաւ, որ ֆութպոլիստը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին չի կրնար փորձերու մասնակցիլ: Գոհարեան, որ քիչ մը ծանր վնասուածք ստացած է, յայտնի չէ, թէ ե՛րբ կը վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը, կը յայտնէ ArmSport.am:  

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.». Մինի-Ֆութպոլի 6-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ` Մասնակցութեամբ Ութ Խումբերու

Կազմակերպութեամբ Արտասահմանեան լրագրողներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան, նախանցեալ օր Տինամօ մարզահամալիրին մէջ սկսաւ Հայաստանի մարզական ընկերութիւններու եւ լրագրողներու միջեւ մինի-ֆութպոլի 6-րդ մրցաշարքը: Մրցաշարքին հանդիսաւոր բացման արարողութեան ընթացքին, մասնակցողներուն ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Արտասահմանեան լրագրողներու միութեան նախագահ Տիգրան Յովհաննիսեան եւ ուրիշներ, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին մասնակցողներուն: Կարդացուեցաւ նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի ուղերձը` մրցաշարքին մասնակցողներուն: Ապա, պարային ելոյթ մը...

Ռաուլ Կոնզալես Իր Նորամուտը Նշեց Իր Խումբին Հետ

Նիւ Եորք Քոսմոսի սպանացի անուանի ֆութպոլիստ Ռաուլ Կոնզալես իր նորամուտը նշեց իր ամերիկեան խումբին հետ: 37 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ֆորթ Լոտըրտէյլ Սթրայքըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (1-0) դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, 53-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, կը յայտնէ ArmSport.am: Նշենք, որ Սթրայքըրզի պատասխանատուներէն մէկն է պրազիլցի անցեալի ֆութպոլիստ Ռոնալտօ: Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ռաուլ...

Մինասեանի Խումբը Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին, Թոփոլ իր դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Քարաքանտայի Շախտիորին: Այս յաղթանակը Վարդան Մինասեանի խումբին համար առաջինն էր ընթացիկ տարեշրջանին: Այս հանդիպումին վնասուածքի պատճառով չմասնակցեցաւ Թոփոլի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան: Նշենք, որ Շախտիորի միակ կոլը նշանակեց Ղազախստանի պատանեկան հաւաքականի ֆութպոլիստ Գէորգ Նաճարեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թոփոլ 5 կէտով կը գրաւէ...

Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Արհեստավարժ Ֆութպոլիստը Կոլի Հեղինակ Դարձաւ

Ճափոնի «ՃԷՅ» 2-րդ լիկայի Եոքոհամայի 48-րդ տարեկան յառաջապահ Քազույոշի Միուրա Նազույոշի, ներկայ դրութեամբ աշխարհի ամէնէն տարիքոտ արհեստավարժ ֆութպոլիստն է: Միուրա, Ժուպիլօ Իուաթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 14-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը, երբ գլխու հարուածով պարտութեան մատնեց մրցակիցին բերդին ուռկանը: Նշենք, որ թէեւ անոր կազմը 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ, սակայն Իուաթա տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Իժթիմահի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 7 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի հիւսիս, ուր յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին հիւրը պիտի ըլլայ Իժթիմահիի` Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Եւ Ռիատի` Յաղթական

Շանվիլ - Մութթահետ մրցումէն PROFOTO Շաբաթ, 4 ապրիլին սկսան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի (քառորդ աւարտական) մրցումները: Շանվիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մութթահետը, 91-88 արդիւնքով (21-14, 46-29, 68-65 եւ 91-88) յաղթանակ մը արձանագրեց: Մութթահետէն Փեթի Փերիշ նշանակեց 30 կէտ, մինչ Շանվիլէն նոյնքան կէտ նշանակեց Տեշաուն Սիմզ: Ռիատի, որ հիւրընկալեց Հուփսը, իր կարգին 108-74 արդիւնքով (31-13, 55-33,...

Հայ Կռփամարտիկները Մետալներով Վերադարձան Անապայէն

Ռուսիոյ Անապա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Նիքոլայ Փաւլիուքովի անուան կռփամարտի երիտասարդական միջազգային մրցաշարքին, Կարէն Աղամայեանի գլխաւորած Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը տիրացաւ երկու մետալի: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը, կը տեղեկացնէ ArmSport.am: 49 քկ դասակարգին մէջ Ալեն Դանիէլեան յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր սակայն պարտուեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչէն: Պատուոյ պատուանդան բարձրացաւ նաեւ 64 քկ դասակարգի մրցումներուն...

Page 1238 of 1274 1 … 1,237 1,238 1,239 … 1,274

Արխիւներ