«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.». «Մետիամաքս» Տիրացաւ Մինի Ֆութպոլի 6-րդ Մրցաշարքին
Կազմակերպութեամբ Արտասահմանեան լրագրողներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան, «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ Հայաստանի լրատուական միջոցներուն միջեւ տեղի ունեցած մինի ֆութպոլի 6-րդ մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի մրցումը` «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան եւ news.am կայքի խումբերուն միջեւ: Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան հետեւեալ ութ խումբերը. News.am, slam.am կայքերը, Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը, հանրային պատկերասփիւռի կայանը, «Մետիամաքս» լրատու գործակալութիւնը, «Աւետիս»...



