Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 69-62 արդիւնքով (14-10, 22-27, 46-47 եւ 69-62):
Այսպիսով, Ռիատի երթուդարձի մրցումները աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ, առանց պարտութիւն կրելու, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կրեց երկու պարտութիւն, գրաւեց դասաւորման 2-րդ դիրքը:
«Ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն, Ռիատիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Անդրանիկ Պէյրութ, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր դէմ պիտի ունենայ Շապապ Արապին: