Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 9 ապրիլին տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:
Ղազիրի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 17:00ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Սաժեսի դէմ:
Ինչպէս ծանօթ է, Գ. հանգրուանի մրցումները այժմ կ՛ընթանան փլէյ-օֆի դրութեամբ, եւ 5 մրցումէ 3 յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ կիսաւարտականի իր տոմսը:
Հետեւաբար, այս իրողութենէն մեկնելով, ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու երեք յաղթանակ եւ ապահովելու կիսաւարտականի իր տոմսը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել` Ղազիրի դաշտէն այսօր յաղթական վերադառնալու համար:
Նշենք, որ նոյն ժամուն, սակայն Ժիպէյլի մէջ, Պիպլոս կը հիւրընկալէ Թատամոնը:
Ինչպէս ծանօթ է, քառորդ աւարտականի մրցումները սկսան շաբաթ, 4 ապրիլին, երբ Շանվիլ եւ Ռիատի Պէյրութ յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Մութթահետը (91-88) եւ Հուփսը (108-74):