Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան աւարտականին իրարու դէմ ճակատող խումբերը:
Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սենթ Էթիենը, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Օքսեռը, որ նուազագոյն հաշուով յաղթեց Կենկանին: Սամմարիթանօ նշանակեց Օքսեռի եւ մրցումին միակ կոլը (15-րդ):
Ինչ կը վերաբերի Սեն Ժերմենի արձանագրած յաղթանակին, Զլաթան Իպրահիմովիչ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (21-րդ, 81-րդ եւ 90-րդ): Նշենք, որ Ա. կիսախաղը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ: