Պարսելոնայի պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվեսի գործակալը` Տինորա Սանթա Անան, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք Ալվես պիտի հեռանայ Պարսելոնայէն, որովհետեւ իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ:
«Ամբողջ տարին սպասեցինք Պարսելոնայի հետ բանակցութիւններուն: Երկու ակումբներէ առաջարկներ ունէինք, բայց մենք բոլոր բանակցութիւնները դադրեցուցինք, որպէսզի լսենք Պարսան: Ալվես շատ ուրախ պիտի մնար, եթէ մնար այն նոյն աշխատավարձով, ինչ որ կը ստանայ այժմ: Բայց Պարսելոնա առաջարկեց մէկ տարուան պայմանագիրի երկարաձգում` երկու տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ: Բայց պայմաններէն մէկը այն էր, որ ան պէտք էր 60 մրցում կատարէր, որպէսզի այդ պայմանագիրը կարելի ըլլար երկարաձգել: Մենք Պարսելոնայէն աւելին կը սպասէինք: Այժմ բանակցութիւնները աւարտած են Պարսելոնայի հետ: Ան պիտի ամբողջացնէ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը` ցուցադրելով իր լաւագոյն ներկայացումները», յայտարարեց Տինորա Սանթա Անա: