Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Եքաթերինպուրկի Ուրալը իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քուպանը, շնորհիւ Սմոլովի նշանակած կոլերուն (44-րդ եւ 90-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Մանուչարեան, որ Ուրալի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, խումբին խմբապետի պաշտօնը յանձն առած էր: Ան 76-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ուրալ 20 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ դիրքը: