Իր լուրը քաղելով «Պի. Պի. Սի.»-էն ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Լիկ»-1»-ի ախոյեանութեան գծով 4 մրցումով կախակայեց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչը:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, Շուէտի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստին որակազրկման պատճառը այն է, որ «Լիկ-1»-ի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին, Պորտոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք ան իր կատարած յայտարարութեամբ վիրաւորած էր օրուան իրաւարարները:
Աւելի ուշ, Իպրահիմովիչ անդրադառնալով իր սխալին ներում հայցած էր անոնցմէ: