Իր լուրը քաղելով ԱՖՓ լրատու գործակալութենէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ սկսան ծախուիլ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն տոմսերը:
Այդ տոմսերուն վաճառքէն մէկ օր ետք արդէն իսկ ծախուած է 1,2 միլիոն տոմս:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, ցարդ ամէնէն շատ վաճառուող տոմսերը թենիսի մրցաշարքին են, անոնց կը յաջորդեն ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի տոմսերը:
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին վաճառքի համար հասանելի են 7,5 միլիոն տոմսեր: