Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, նախքան իր օրակարգին վրայ եղող հարցերուն քննարկումին սկսիլը, շնորհաւորեց Ռիատի Պէյրութը, որ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան:
Նշենք, որ այս ժողովին ֆետերասիոնին անդամներէն բացի ներկայ էր նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին մարզիչը` սերպ Վասելին Մաթիչ:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց իրաւարար Փոլ Սքայեմը, որ «Ֆիպա-ԱՍԻԱ»-ին կողմէ իրաւարար նշանակուեցաւ, 9-19 յուլիսին, Հունգարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 12 ապրիլին, ՀՄԸՄ – Սաժես մրցումին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ֆետերասիոնը պիտի բաժնէ վկայականները բոլոր անոնց, որոնց յաջողեցան (47-էն` 23-ը) նախորդ ամիս տեղի ունեցած մարզիչի վկայական ստանալու դասընթացքներուն, որոնք կատարուեցան հսկողութեամբ սերպ մարզիչ Միլան Օպասիչի:
Ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար խնդրեց, որ յաճախակի այցելութիւններ տրուին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուիի, Լիբանանի դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, ինչպէս նաեւ «ԱԼՖԱ», «ՓԵՓՍԻ» եւ «ԻՆՏԵՎՔՕ» ընկերութիւններուն, որպէսզի Լիբանանի ազգային խումբերուն օժանդակութիւններ տրամադրելու հարցը քննարկուի:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանան, Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն ստացած է նամակ մը, որ տղոց ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը բերէ 21-30 յուլիսին Շարմ Շէյխի մէջ կատարուելիք Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութեան: