Ռէալ Մատրիտի եւ Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Խաւիէ Չիքարիթօ, այժմէն իսկ Լիվըրփուլի հետաքրքրութեան առարկան դարձած է:
Ինչպէս կը յայտնէ «Տը Միրըր», Պրենտըն Ռոճըրզ դիմած է ակումբին պատասխանատուներուն` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ բանակցելու համար:
Ինչպէս ծանօթ է, 26 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ տրուած է արքայական ակումբին, իսկ անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին աւարտին:
Նշենք, որ Չիքարիթոն կ՛ուզէ ձեռք ձգել նաեւ Օրլանտօ Սիթին, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: