Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ֆետերասիոնին պատժական յանձնախումբը, քննելէ ետք Սաժես – ՀՄԸՄ մրցումէն ետք (Բ. դասակարգի ախոյեանութիւն) տեղի ունեցած պատահարը, կը յայտարարէ հետեւեալը.
«Ինչպէս ծանօթ է, այդ մրցումին Սաժեսի մարզիկ Մոհամետ Զըրաքաթ կախակայուած էր:
«Սակայն ան դաշտ մտնելով փորձեց յարձակիլ օրուան կեդրոնի իրաւարարին վրայ եւ հայհոյեց մրցակից կազմին:
«Ասկէ մեկնելով` ֆետերասիոնը ցմահ կը կախակայէ եւ իր տոմարներուն մէջէն կը ջնջէ Մոհամետ Զըրաքաթի անունը:
«Ֆետերասիոնը ազդարարագիր մը յղեց Սաժես ակումբին` նշելով, որ եթէ պատահի, որ Մոհամետ Զըրաքաթ ֆետերասիոնին տուած այս որոշումին չենթարկուի եւ ապագային որեւէ սխալ քայլի մը դիմէ, անոր ակումբը նիւթական մեծ պատիժի պիտի ենթարկուի եւ անոր դէմ պատժական այլ տնօրինումներ պիտի որդեգրուին»:
Ֆետերասիոնին տոմարներուն մէջէն ջնջուեցաւ նաեւ Նահտա Պար Էլիասի պատասխանատուներէն Խալետ Թըլիանիի անունը, որ իր կարգին բաւական մեծ սխալներ թոյլ տուած էր: Հետեւաբար նաեւ` ան ցմահ կախակայուեցաւ: