Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ յոյսով է, որ Լոզանի մարզական վճռաբեկ դատարանը («CAS») իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին երեք կէտ կու տայ` նկատի ունենալով, որ Սերպիոյ դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2016-ի զտումի մրցումը մնացած էր անաւարտ:
Հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցած այդ մրցումը ընդհատուած էր, երբ անիկա կ՛ընթանար 0-0 արդիւնքով: Մարզադաշտ ներխուժած էր անօդաչու թռչող սարք մը` «Մեծ Ալպանիա» պաստառով:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մրցումէն ետք որոշում տուաւ 3-0 արդիւնքով յաղթանակը շնորհելու սերպերուն, սակայն անկէ նաեւ 3 կէտ խլելու:
«Ճիշդ պիտի չըլլայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին որոշումը, որովհետեւ մրցակից կազմին համակիրները, մեր ֆութպոլիստներուն վրայ աթոռներ նետեցին: Յոյս ունինք, որ մենք կը ստանանք այդ մրցումին երեք կէտերը, որովհետեւ այդ որոշումը պիտի ըլլայ ոչ միայն մեր, այլեւ ընդհանրապէս ֆութպոլի օգտին», յայտարարեց Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: