«Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ, որ ճակատեցաւ Ռայօ Վայեքանոյի դէմ, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Սպանիոյ այս տարեշրջանի լաւագոյն ռմբարկուն` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 68-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, յիշատակելի օր մը ունեցաւ արքայական ակումբին հետ` նկատի ունենալով, որ փորթուգալցին Ռէալ Մատրիտի շապիկով նշանակեց իր 300-րդ կոլը (բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին):
Թէեւ ՌԷալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն կը շարունակէ 4 կէտով ետ մնալ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պարսելոնայէն, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ալմերիան: