Սպանական ԱՍ կայքին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտ արդէն իսկ պայմանաւորուած է Անտըրլեխթի 17 տարեկան միջնապահ Եուրի Թիլեմանսը ձեռք ձգելու հարցով:
ArmSport.am կը յայտնէ, որ կողմերը իրարու հետ անոր տեղափոխման գծով արդէն իսկ նախնական համաձայնութեան եկած են, սակայն ան ցարդ պայմանագիր չէ ստորագրուած:
Նշենք, որ Թիլեմանս 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պելճիքայի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին, իսկ Անտըրլեխթի գլխաւոր խումբին հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2013-էն սկսեալ: