
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանին (քառորդ աւարտական) ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես – ՀՄԸՄ առաջին մրցումը:
Թէեւ ՀՄԸՄ-ի կազմը բաւական լաւ ներկայացում մը կատարեց եւ յաջողեցաւ մրցումին ընթացքին հինգ կէտի առաւելութիւն մը ունենալ, սակայն դաշտին տէրը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 87-82 արդիւնքով (24-20, 41-40, 61-65 եւ 87-82):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը).
Մարիօ Ապպուտ (4′ 52″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ), Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 29 կէտ, 7 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (34′ 38″, 14 կէտ, 8 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (38′ 22″, 13 կէտ, 4 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (13′ 08″), Ճիմի Սալեմ (32′ 12″, 13 կէտ, 4 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (36′ 44″, 11 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեսմոնտ Փենիկար (40′ 00″, 40 կէտ, 9 ռիպաունտ), ապա` Տանիել Ֆարես (31′ 02″, 16 կէտ, 7 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Թոնի Խուրի:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 12 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ այլ մրցում մըն ալ, որուն ընթացքին Պիպլոս 102-77 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Թատամոնը:


