Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 9 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը, Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել` անպայման յաղթելու համար իրենց մրցակիցին, իսկ համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ռիատիի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: