Մարզական

Ֆետերիքօ Վալվերտէ Համաշխարհային  Մրցանիշ Արձանագրեց

Ֆետերիքօ Վալվերտէ Համաշխարհային Մրցանիշ Արձանագրեց

Ռէալ Մատրիտի եւ Ուրուկուէյի ազգային խումբի միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ անցեալ տարեշրջանին սահմանած է դաշտին մէջ առաւելագոյն վայրկեանները անցընելու համաշխարհային մրցանիշ: Ըստ «Մարքա»-ի, Վալվերտէ մասնակցած է 72 մրցումներու` խաղալով ընդհանուր 6116 վայրկեաններ Ռէալի եւ Ուրուկուէյի հետ: Բ. դիրքը գրաւեց Պրունօ Ֆեռնանտեշ (Մանչեսթըր Եունայթըտ)` 66 մրցում, 5796 վայրկեան, իսկ երրորդ դիրքը` Ա. Սէ. Միլանի բերդապահ Մայք Մենիան, որ կատարեց 63 մրցում, 5624...

Աղջկանց Եուրօ.  Անգլիա Հասաւ Կիսաւարտական

Աղջկանց Եուրօ. Անգլիա Հասաւ Կիսաւարտական

Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) շարունակուեցաւ աղջկանց Եւրոպայի ախոյեանութիւնը (Եուրօ), ուր տիտղոսակիր Անգլիա քառորդ աւարտականին կ՛ուղղուէր դէպի դուրս, բայց մրցումի վերջին 12 վայրկեաններուն կրցաւ 2 արագ կոլեր նշանակել Շուէտի դէմ` պարտադրելով երկարաձգում: Արդիւնքը մնալէ ետք անփոփոխ դիմուեցաւ փենալթիներու: Շուէտի բերդապահ Ճենիֆըր Ֆոլք 4 փենալթիներ զսպեց, բայց... Անգլիա կրցաւ յաղթել 3-2 արդիւնքով: Անգլիոյ բերդապահ Հաննա Հեմփթըն զսպեց առաջին փենալթին եւ Շուէտի 7-րդ փենալթին...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Չկրցաւ Յաղթել Ֆիլիփեան Կղզիներուն

Պասքեթպոլ. Լիբանան Չկրցաւ Յաղթել Ֆիլիփեան Կղզիներուն

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ազգային խումբը 73-70 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր 3-րդ եւ վերջին մրցումին` Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին գծով: 29-12 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Լիբանան շնորհիւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Ճիլիըն Արչըրի (23 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) կրցաւ 25-12 արդիւնքով յաղթել Բ. մասին` 4 կէտի նուազեցնելով տարբերութիւնը: 3-րդ մասին 20-14 արդիւնքով յառաջացած Լիբանան չկրցաւ պահել իր չնչին առաւելութիւնը եւ հակառակ մինչեւ...

Պասքեթպոլ.  Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարք` Պատրաստուելու Ասիոյ Բաժակին

Պասքեթպոլ. Պէյրութի Միջազգային Մրցաշարք` Պատրաստուելու Ասիոյ Բաժակին

«Կլոպըլ Էքթիւ Սփորթս» կազմակերպած է Պէյրութի միջազգային պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որուն պիտի մասնակցին Եգիպտոսի, Իրանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը: Մրցաշարքը, որ կը կազմակերպուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Քասլիքի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, 22-էն 27 յուլիսին: Այս մրցաշարքին է, որ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչ Միստրակ Փերիշիչ պիտի ընտրէ իր 12 վերջնական մարզիկները, որոնք պիտի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պրատլի Պիլ Ֆինիքս Սանզը Պիտի Լքէ

«Էն. Պի. Էյ.» Պրատլի Պիլ Ֆինիքս Սանզը Պիտի Լքէ

«Օլ Սթար» մրցումի երեք անգամ մասնակցած Պրատլի Պիլ եւ Ֆինիքս Սանզ համաձայնեցան պայմանագրութիւնը կրճատել ըստ մարզիկին մօտիկ աղբիւրներու: Ասիկա կրնայ տալ Պիլին, որ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի հետ` 11 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն: Պիլ հաւանաբար 139 միլիոն ամ. տոլար վերադարձնէ Սանզին, որ 110 միլիոն ամ. տոլար պիտի վճարէ` խզելու անոր պայմանագրութիւնը: Սանզի համար «խճողուած» ամառ մըն...

Պարսելոնայի Մէջ  Մարք Անտրէ Թեր Շթեկընի Ապագան Վտանգուած

Պարսելոնայի Մէջ Մարք Անտրէ Թեր Շթեկընի Ապագան Վտանգուած

Գերմանիոյ ազգային խումբի բերդապահ Մարք Անտրէ Թեր Շթեկընի իրավիճակը հետզհետէ կը բարդանայ Պարսելոնայի հետ: Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիթըր Ֆլիք 33 տարեկան բերդապահը չի դիտարկեր իբրեւ հիմնական ընտրութիւն, եւ ըստ լուրերուն, զայն նկատի առած է իբրեւ երրորդ բերդապահ Ժոան Կարսիայի եւ Վոյցեխ Չեսնիի ետին: Թեր Շթեկըն իր կարգին յայտարարեց, որ պատրաստ է պայքարիլ հիմնական կազմին մէջ իր դիրքին համար: Ըստ մամլոյ...

Մանչեսթըր Սիթի Ձեռք Կը Ձգէ Անգլիական  Ֆութպոլի Ամէնէն Մեծ Պայմանագիրը

Մանչեսթըր Սիթի Ձեռք Կը Ձգէ Անգլիական Ֆութպոլի Ամէնէն Մեծ Պայմանագիրը

Մանչեսթըր Սիթի եւ գերմանական «Փումա» ընկերութիւնը համագործակցութեան նոր համաձայնագիր կնքած են, ըստ Սիթիի մամլոյ ծառայութեան: Մանչեսթըր Սիթի տարեկան 100 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ կնքուած պայմանագիրով, ուր Սիթի մինչեւ 2034-2035 տարեշրջան պիտի հագուի «Փումա» վաճառանիշով տարազներ: Նշենք, որ Սիթի «Փումա»-ի հետ համագործակցած է 2019-2020 տարեշրջանէն ի վեր:

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Եոնաս Ապրահամսըն Շահեցաւ 11-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Արկած Ունեցաւ

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Եոնաս Ապրահամսըն Շահեցաւ 11-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Արկած Ունեցաւ

Նորվեկիացի Եոնաս Ապրահամսըն շահեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի 11-րդ հանգրուանը` Թուլուզի մէջ, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Թատէյ Փոկաչար աւարտէն 4 քմ առաջ արկած մը ունեցաւ: Փոկաչար ինկաւ, երբ այլ վարորդի մը հեծիկին ետեւի անիւին դպնալով հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց, բայց իր անմիջական մրցակիցներ Եոնաս Վինկըկաարտ եւ Ռեմքօ Էվենեփուլ մարզական ոգին պահելով սպասեցին սլովենիացի մրցակիցին, որ վերամիանայ մրցումին: Իրլանտացի Պեն Հիլի պահեց իր դեղին...

Փոխանցումներու Աշխարհէն.  Ռէալ Մատրիտ Եւ Լիվըրփուլ Կրնան Փոխանակուիլ Մարզիկներ

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Ռէալ Մատրիտ Եւ Լիվըրփուլ Կրնան Փոխանակուիլ Մարզիկներ

Այս ամրան ֆութպոլի փոխանցումներու շուկան շատ տաք կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ բազմաթիւ ակումբներ սպասուած արդիւնքը չեն կրցած տալ, կան ակումբներ, որոնք մարզիչներ փոխած են, մինչ կան ուրիշ ակումբներ, որոնք տարիներէ ի վեր վստահուած են որոշ մարզիկներու, եւ այժմ այդ մարզիկներուն տարիքը յառաջացած է, իսկ այդ ակումբները նոր սերունդի կ՛ուզեն վստահիլ: Այս ակումբներէն մէկն է Ռէալ Մատրիտ, որ տարիներէ ի...

Տեմպէլէի Յոյսերը Տկարացա՞ն  Ակումբներու Մոնտիալէն Ետք

Տեմպէլէի Յոյսերը Տկարացա՞ն Ակումբներու Մոնտիալէն Ետք

Մօտ 2 ամիս ետք, «Պալոն տ՛օր»-ը պիտի յանձնուի թեկնածուի մը, եւ յառաջիկայ ամիս պիտի հրապարակուի թեկնածուներուն ցանկը: Նոյնիսկ հիմա առարկելու պատճառներ կան, որովհետեւ ամէնէն կարեւոր մրցանակներէն մէկը պիտի վճռուի. առանց նկատի առնելու օրինակ շահած կէտերը` կոլեր նշանակելու, առիթներ ստեղծելու, կացութիւններ փրկելու կամ (բերդապահի պարագային) քանի հարուածներ զսպած ըլլալու եւ այլն: Այդ ձեւին վստահելով աւելի դիւրին կ՛ըլլայ դատելը, թէ տարեշրջանի ընթացքին...

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Զտումի Մրցումին`  Նոա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Զտումի Մրցումին` Նոա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի առաջին հանգրուանի դարձի մրցումին, Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա 2-2 արդիւնքով կրցաւ հեռանալ Մոնթենեկրոյէն` Պուտուչնոսթի դէմ մրցումէն, եւ հասաւ յաջորդ հանգրուան: Մարոքցի Իմրան Ուլատ Օմար 6-րդ վայրկեանին կրցաւ առանձին մուտք գործել մեծ քառակուսի եւ ռմբային հարուածով անշարժացուց մրցակից բերդապահը: 18-րդ վայրկեանին Իվան Պուլաթովիչ կոշտ թաքըլէ մը ետք դեղին քարտ ստացաւ, բայց իրաւարարին...

Մեսսիի Սիրահարները Կրնան Զինք Տեսնել… Պարսելոնայի Շապիկով

Մեսսիի Սիրահարները Կրնան Զինք Տեսնել… Պարսելոնայի Շապիկով

Քաթալոնիա ակումբի պատմական յառաջապահ Լիոնել Մեսսի կրնայ կարճ ժամանակով վերադառնալ Պարսելոնա, ըստ «Էլ Նասիոնալ»-ի: Այս մէկը կրնայ պատահիլ իր այժմու ակումբի` Ինթեր Մայեմիի պայմանագրութեան մէկ կէտին շնորհիւ: Արդարեւ, եթէ Մեսսի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ մինչեւ 2026-ի ձմեռ, ան իրաւասութիւն կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան դադարին` նոյեմբերէն մարտ վարձավճարով տեղափոխուիլ այլ ակումբ: Այս ձեւով Մեսսի կրնայ միանալ Պարսելոնային` 4 ամսուան համար, եւ իր...

Լիվըրփուլ Կը Մօտենայ Իսաքի

Լիվըրփուլ Կը Մօտենայ Իսաքի

Անգլիոյ ախոյեան Լիվըրփուլ կը շարունակէ խումբը աւելի եւս զօրացնելու քայլը եւ այս անգամ կ՛աշխատի ձեռք ձգել Նիւքեսըլի շուէտացի յառաջապահ Ալեքսանտր Իսաքը: «Կարմիրներ»-ը արդէն իսկ 210 միլիոն սթերլինկ փաունտ ծախուած են այս ամառ եւ ըստ երեւոյթին պատրաստ են մրցանիշ մը եւս արձանագրելու Իսաքի փոխարէն: 116 միլիոն սթերլինկ փաունտ ծախսելէ ետք` ձեռք ձգելու համար գերմանացի Ֆլորիան Վիրցը, այս անգամ Լիվըրփուլ կ՛ուզէ մօտ...

Պասքեթպոլ.  17 Մարզիկներ Հրաւիրուեցան Ազգային Խումբ

Պասքեթպոլ. 17 Մարզիկներ Հրաւիրուեցան Ազգային Խումբ

Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբի սերպ մարզիչ Միոտրակ Փերիշիչ 17 մարզիկներ հրաւիրեց ազգային խումբ, որ 5-էն 17 օգոստոսին պիտի մասնակցին Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին: 17 մարզիկներէն 12-ը նկատի պիտի առնուին, անոնք իրենց կարելին պիտի ընեն առանց Լիբանանի լաւագոյն մարզիկին` Ուաէլ Արաքժիի: Ստորեւ` 17 մարզիկները. Ալի Մըզհեր (1,80 մեթր), Ալի Մանսուր (1,85 մեթր), Ժատ Խալիլ (1,87 մեթր), Ամիր Սէուտ (1,86 մեթր), Մարք...

Ռանոս Վերադարձած Է Մէօնշընկլատպախ

Ռանոս Վերադարձած Է Մէօնշընկլատպախ

Հայազգի ֆութպոլիստ Հրանդ Լէոն-Ռանոս հեռացաւ «Պունտըսլիկա»-ի Բ. կարգի Քայզըրսլաութըրն խումբէն, որուն մաս կը կազմէր 2025-ի յունուարէն վարձակալութեամբ: Ռանոս վերադարձած է Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ եւ վերսկսած իր փորձերը: Նշենք, որ Ռանոս աւելի կանուխ հեռացած էր Հայաստանի ազգային խումբէն` գլխաւոր մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սխիփի հետ տարակարծութիւններու պատճառով:  

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք.  Սայմըն Եյթս Շահեցաւ 10-րդ Հանգրուանը, Մինչ Հիլի Դեղին Շապիկաւոր Դարձաւ

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Սայմըն Եյթս Շահեցաւ 10-րդ Հանգրուանը, Մինչ Հիլի Դեղին Շապիկաւոր Դարձաւ

2025-ի Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքը շարունակուեցաւ երկուշաբթի օր, երբ տեղի ունեցաւ 10-րդ հանգրուանը` «Պասթիյի գրաւման» տօնին օրով: Ֆրանսայի ազգային օրը տեղի ունեցած այս հանգրուանին «Մասիֆ Սանթրալ»-ի ճամբաները ականատես եղան բուռն յարձակումներու, ուր վարորդները յաճախ յարձակումներ կ՛ընէին իրենց մրցակիցները ետ ձգելով: Ի վերջոյ Սայմըն Եյթս («Վիսմա-լիս է պայք» իր ետին ձգելով իր մրցակիցները վերջին բլուրէն մինչեւ «Լը Մոն-Տորէ» շահեցաւ այս (10-րդ) հանգրուանը,...

Ակումբներու Մոնտիալի Աւարտին.  Որո՞նք Էին Լաւագոյն Մարզիկները

Ակումբներու Մոնտիալի Աւարտին. Որո՞նք Էին Լաւագոյն Մարզիկները

Կիրակի օր ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալը աւարտեցաւ ի նպաստ Չելսիի, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը: 21-րդ մրցաշարքը, որ առաջին անգամ ըլլալով 32 խումբերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2-րդ անգամ ըլլալով եղաւ ի նպաստ Չելսիի, որ 2021-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Պրազիլի Փալմէյրասին, յետ երկարաձգման: Չելսի միացաւ Քորինթիանսին (2000...

Հալէպի «Ադամանդ»-ը Պարսելոնային Միացաւ

Հալէպի «Ադամանդ»-ը Պարսելոնային Միացաւ

Շուէտացի 19 տարեկան աստղ Ռունի Պարտաղճի միացաւ Պարսելոնային` լքելով Քոփենհակընը: Պարտաղճի, որ Մայորքայէն եւ Փորթոյէն լուրջ առաջարկներ ունէր, իր երազը իրականացուց 4 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրելով քաթալոնական կազմին հետ: Քուէյթի մէջ ծնած, հալէպցի ծագումով հալէպահայ ծնողքի զաւակ Ռունի ընտանիքին հետ գաղթած է Շուէտ (6 տարեկանին) եւ պատանիներու խումբերու մաս կազմելէ ետք միացած է Մալմոյին 2019-ին, ապա` Դանիոյ Քոփենհակըն խումբին տարի մը...

Լուքաս Պերալտօ Կ՛ուզէ Փարիզ Սեն Ժերմենը

Լուքաս Պերալտօ Կ՛ուզէ Փարիզ Սեն Ժերմենը

Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի կեդրոնի յետսապահ Լուքաս Պերալտօ կը ցանկայ փոխել իր ակումբը, ըստ լրագրող Լոյք Տանցին: 21 տարեկան ֆութպոլիստը դժգոհ է փարիզեան ակումբին մէջ իր վիճակէն, մանաւանդ որ ան կը փափաքի միշտ հիմնական մարզիկ դառնալ: Ան իր դժգոհութիւնը յայտնած է Փարիզի ղեկավարութեան, որ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է, պայմանով որ անոր համար լուրջ առաջարկ ստանայ, առնուազն 30 միլիոն եւրոյի...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակ.  Լիբանան Սպասելի Պարտութիւն Կրեց Աւստրալիայէն

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար 15-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ախոյեան

Կիրակի օր «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ Անսար 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թատամոն Սուրին դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 15-րդ անգամ ըլլալով: 65-րդ ախոյեանութիւնը վերջ կը գտնէ այս շաբաթավերջին, բայց Բ. դիրքը գրաւող Սաֆա 5 կէտով ետ կը մնայ եւ յոյս չունի հասնելու անոր: Անսարի կոլերը նշանակեցին Հիշամ Խալաֆալլահ եւ Հասան Մաաթուք, որ 17 կոլերով կը գրաւէ կոլ-սքորըրներու պարագլուխի դիրքը:...

Page 109 of 1275 1 … 108 109 110 … 1,275

Արխիւներ