Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ազգային խումբը 73-70 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր 3-րդ եւ վերջին մրցումին` Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին գծով:
29-12 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Լիբանան շնորհիւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Ճիլիըն Արչըրի (23 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) կրցաւ 25-12 արդիւնքով յաղթել Բ. մասին` 4 կէտի նուազեցնելով տարբերութիւնը: 3-րդ մասին 20-14 արդիւնքով յառաջացած Լիբանան չկրցաւ պահել իր չնչին առաւելութիւնը եւ հակառակ մինչեւ 62-րդ կէտը յառաջանալուն, տեղի տուաւ վերջին վայրկեաններուն:
Ֆիլիփեան կղզիներու սենթըր Ճաք Անիմամ 14 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Այժմ Լիբանան պիտի մրցի առաջին խմբակի վերջին դիրքը գրաւող Ինտոնեզիոյ դէմ, որ իր կարգին 3 պարտութիւններ կրեց:
Պարտուող խումբը կ՛իջնէ Բ. կարգի խումբերու շարքերուն. վաղը ժամը 8:30-ին տեղի ունենալիք մրցումը ճակատագրական պիտի ըլլայ: