Հայազգի ֆութպոլիստ Հրանդ Լէոն-Ռանոս հեռացաւ «Պունտըսլիկա»-ի Բ. կարգի Քայզըրսլաութըրն խումբէն, որուն մաս կը կազմէր 2025-ի յունուարէն վարձակալութեամբ:
Ռանոս վերադարձած է Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ եւ վերսկսած իր փորձերը: Նշենք, որ Ռանոս աւելի կանուխ հեռացած էր Հայաստանի ազգային խումբէն` գլխաւոր մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սխիփի հետ տարակարծութիւններու պատճառով: