2025-ի Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքը շարունակուեցաւ երկուշաբթի օր, երբ տեղի ունեցաւ 10-րդ հանգրուանը` «Պասթիյի գրաւման» տօնին օրով:
Ֆրանսայի ազգային օրը տեղի ունեցած այս հանգրուանին «Մասիֆ Սանթրալ»-ի ճամբաները ականատես եղան բուռն յարձակումներու, ուր վարորդները յաճախ յարձակումներ կ՛ընէին իրենց մրցակիցները ետ ձգելով: Ի վերջոյ Սայմըն Եյթս («Վիսմա-լիս է պայք» իր ետին ձգելով իր մրցակիցները վերջին բլուրէն մինչեւ «Լը Մոն-Տորէ» շահեցաւ այս (10-րդ) հանգրուանը, որ իր ասպարէզի 3-րդն էր:
Այս յաղթանակը Եյթսի առաջինն էր վերջին 6 տարիներուն: 6 տարի առաջ ան 2 հանգրուան շահած էր:
Խմբակէն փախուստ տուող վարորդներուն շարքին էր Պեն Հիլի, որ իր առաւելագոյնը ըրաւ դեղին շապիկին տիրանալու: 3-րդ դիրքը շահելէ ետք 10-րդ հանգրուանին, Հիլի դարձաւ առաջին իրլանտացի վարորդը, որ Սթեֆան Ռոշի անմոռանալի տարիէն (1987) ետք կը հագուի դեղին շապաիկը:
«Վիւմա-լիսէ պայք» ճնշումի տակ դնելէ ետք իր վրայ, Թատէյ Փոկաչար յարձակեցաւ վերջին բլուրին մօտ, բայց Եոնաս Վինկըկաարտ հասաւ անոր: Սլովենիացի վարորդը այժմ 29 երկվայրկեան ետ կը մնայ Հիլիէն:
Ստորեւ ընդհանուր դասաւորումը` 10 հանգրուաններէ ետք.
1.- Պեն Հիլի 37 ժամ 41′ 49″
2.- Թատէյ Փոկաչար 29″ ուշ
3.- Ռեմքօ Էվենեփուլ 1′ 29″ ուշ
4.- Եոնաս Վինկըկաարտ 1′ 46″ ուշ
5.- Մաթէօ Եորկընսոն 2′ 06″ ուշ
6.- Քեւըն Վոգըլէն 2′ 26″ ուշ
7.- Օսքար Օնլի 3′ 24″ ուշ
8.- Ֆլորիան Լիփովից 3′ 34″ ուշ
9.- Փրիմոշ Ռոկլիչ 3′ 41″ ուշ
10.- Թոպիաս Եոհանսըն 5′ 03″ ուշ