«Էն. Պի. Էյ.» Քրիս Փոլ Վերադարձաւ Քլիփըրզ
40 տարեկան Քրիս Փոլ վերադարձաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ մէկ տարուան համար. ան պիտի ստանայ 3,6 միլիոն ամ. տոլար: Փոլ նախապէս Քլիփըրզի մարզիկ էր 2011-էն 2017, ուր խումբը ամէն տարի առաջնորդած էր փլէյ օֆի մրցումներու: «Քրիս Քլիփըրզի պատմութեան ամէնէն ազդեցիկ մարզիկներէն մէկն է եւ շատ յարմար է իր վերադարձը ասպարէզի վերջին օրերուն»: Քրիս վստահաբար պիտի օգնէ զօրացնելու պաշտպանողականը իր բացառիկ ուղղութիւններով,...




















