Մարզական

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակ.  Լիբանան Սպասելի Պարտութիւն Կրեց Աւստրալիայէն

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակ. Լիբանան Սպասելի Պարտութիւն Կրեց Աւստրալիայէն

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը երէկ կէսօրին սպասելի պարտութիւն մը կրեց Աւստրալիայէն Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի իր երկրորդ խաղին` 113-34 արդիւնքով: Լիբանանի մարզիչ Փոլ Քաֆթըր գիտնալով մրցակից Աւստրալիոյ ուժը (ՖԻՊԱ-ի 2-րդ լաւագոյն խումբը Ամերիկայի ետին), նախընտրեց մրցումը կատարել իր պահեստի մարզիկներով, եւ անոնք քանի մը վայրկեան միայն մասնակցեցան` նկատի ունենալով, որ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ 3-րդ եւ վերջին մրցումին` ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ:...

Ակումբներու Մոնտիալ.  Չելսի Անակնկալի Բերաւ Փարիզ  Սեն Ժերմենը (3-0) Եւ Դարձաւ Բաժակակիր

Ակումբներու Մոնտիալ. Չելսի Անակնկալի Բերաւ Փարիզ Սեն Ժերմենը (3-0) Եւ Դարձաւ Բաժակակիր

Միացեալ Նահանգներու մէջ կիրակի գիշեր վերջ գտաւ ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ընդլայնուած առաջին ակումբներու մոնտիալը, ուր Լոնտոնի Չելսին պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը 3-0 արդիւնքով: Քոլ Փալմըր շահեցաւ մոնտիալի ոսկի գնդակը` ընտրուելով մրցաշարքի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան նշանակեց Չելսիի առաջին երկու կոլերը: Քոլ Փալմըր կը ցատկէր, երբ խմբապետ Ռիս Ճէյմս ստացաւ մրցաշարքի բաժակը, մինչ ամերիկացի նախագահ Տանըլտ Թրամփ անոր ձախին կանգնած...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւ.  Փոկաչար Կը Մնայ Դեղին Շապիկաւոր

Ֆրանսայի Հեծելարշաւ. Փոկաչար Կը Մնայ Դեղին Շապիկաւոր

Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքը կը շարունակուի, եւ շատ հետաքրքրական բան մը տեղի ունեցաւ կիրակի օր, երբ 9-րդ հանգրուանին Մաթէօ Վան Տեր Փուլ հովի ուղղութեան դէմ կանուխ յարձակեցաւ եւ հեռացաւ բուն խմբակէն մօտ 5 վայրկեանով: Ի վերջոյ վերջին քիլոմեթրին Թիմ Մերլիէ սփրինթով յաղթեց` Շաթորուի մէջ աւարտելով այս հանգրուանը: Պելճիքացի Թիմ Մերլիէ (Սուտալ քուիք-սթեփ) կրցաւ գերազանցել Ճոնաթան Միլանն ու Առնօ տը Լին: Մերլիէ...

Թենիս.  «Սինըր` Ուիմպըլտընի Տիտղոսակիր

Թենիս. «Սինըր` Ուիմպըլտընի Տիտղոսակիր

Ուիմպըլտընի աղջկանց տիտղոսը առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ լեհ Իկա Շվիանթեք, իսկ կիրակի օր տղոց տիտղոսը առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ իտալացի Եանիք Սինըր: Տղոց թիւ 1 թենիսմեն Սինըր աւարտականին պարտութեան մատնեց սպանացի Քարլոս Ալքարասը, որ երկու անգամ շահած էր Ուիմպըլտընը եւ առաջին անգամ ըլլալով կը պարտուէր կրան շլեմի աւարտականի մը: 5 շաբաթ առաջ, Ռոլան Կարոսի աւարտականին 5 ժամ 29 վայրկեան տեւած...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Լեռնալիբանանի Ախոյեան

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Լեռնալիբանանի Ախոյեան

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատի Պարժան եւ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ Լեռնալիբանանի ախոյեան: Արդիւնքը 3-0 էր, բայց այդքան ալ դիւրին մրցում չէր: 4-րդ վայրկեանին Ֆատել Ռիտա անակնկալ հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի առաջին կոլը: Այս կոլէն ետք, մրցակից խումբը քիչ մը աւելի լաւ էր եւ դաշտին կեդրոնէն շատ հանգիստ յարձակումներ կը կազմակերպէր,...

Պասքեթպոլ.  Ռիատի` Լիբանանի Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Ռիատի` Լիբանանի Ախոյեան

Ռիատիի տղոց պասքեթպոլի խումբը շահեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, ուրբաթ գիշեր յաղթելէ ետք Սաժեսի դէմ 5-րդ ճակատումին` 92-77 արդիւնքով: Ռիատի 19-րդ անգամ ըլլալով (1992-էն ի վեր) դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` յաղթելէ ետք 4-1 ճակատումներու արդիւնքով: Հայկ Կէօքճեան եղաւ մրցումին աստղը` նշանակելով 14 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, մինչ Մարքուս Հանթ (20 կէտ) եւ Քերոն Տըշիլծ (20 կէտ) ունեցան շատ լաւ ելոյթներ: Ռիատի, որ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Աղջկանց Խումբը Դժուարութեամբ Պարտուեցաւ Ճափոնի Դէմ (72-68)

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Աղջկանց Խումբը Դժուարութեամբ Պարտուեցաւ Ճափոնի Դէմ (72-68)

Երէկ առաւօտ Չինաստանի մէջ սկսաւ Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքը, ուր Լիբանանի ազգային խումբը 72-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն, իր առաջին մրցումին: Ճափոն կը նկատուի Ասիոյ լաւագոյն խումբերէն մէկը եւ աշխարհի թիւ 9 դասուած խումբն է, մինչ Լիբանան համեմատաբար տկար կը նկատուի, բայց երիտասարդ տաղանդներով կրցաւ մրցումին սկիզբէն անակնկալի բերել ամերիկացի մարզիչ Փոլ Քաֆթըրի գլխաւորութեամբ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի ամերիկացի մարզիկը`...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Խումբը  Հասաւ Աւարտական

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Հասաւ Աւարտական

Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց պատանիներու ազգային խումբը (16 տարեկանէն վար) կը շարունակէ իր ելոյթները Եւրոպայի ախոյեանութեան Գ. դասակարգին մէջ: Կիսաւարտականին Մալթային 72-65 արդիւնքով յաղթելէ ետք, ազգային խումբը հասաւ աւարտական: Ըստ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութեան, Մալթայի դէմ մրցումի «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած է Աւա Սեդա Ղարիբ, որ 21 կէտ կրցած է նշանակել: Ղարիբ 17 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգած է, ինչպէս նաեւ...

Լուքաս Զելարայեան  Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց

Լուքաս Զելարայեան Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, Պելկրանօ Հուրաքանի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Լուքաս Զելարայեան մրցումի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ: Ան նաեւ անմոռանալի հարուածով 56-րդ վայրկեանին նշանակեց Պելկրանոյի 2-րդ կոլը: Ասիկա 11 մրցումներ կատարած Զելարայեանի առաջին կոլն էր Արժանթին վերադառնալէ ի վեր, մէկուկէս տարի Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ խումբին հետ 41 մրցումներ կատարելէ ետք, ուր նշանակած...

Ըստ Ակիրէի.  «Սկզբունքային Փոփոխութիւններ`  Ռէալ Մատրիտի Մէջ»

Ըստ Ակիրէի. «Սկզբունքային Փոփոխութիւններ` Ռէալ Մատրիտի Մէջ»

Յայտնի լրագրող Էտու Ակիրէ (Էլ Չիրինկուիթօ) խօսած է Ռէալ Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող սկզբունքային փոփոխութիւններու, ինչպէս նաեւ նոր գլխաւոր մարզիչ Խապի Ալոնսոյի` յառաջապահներէն պահանջած առաւելութիւններուն մասին: «Յառաջապահները պէտք է մասնակցին «փրեսինկ»-ին եւ ճիգ թափեն պաշտպանելու ալ, ինչ որ նախապէս Ռէալի մէջ ընդունուած չէր: Օգոստոսէն սկսեալ այլեւս Ալոնսօ պիտի չլռէ: Ան խիստ բնաւորութիւն ունի: Ով որ կ՛աշխատի, կը խաղայ, որ ոչ`...

Ուիմպըլտընի Թենիսի  Աղջկանց Աւարտականին.  Շվիանթեք Ախոյեան

Ուիմպըլտընի Թենիսի Աղջկանց Աւարտականին. Շվիանթեք Ախոյեան

Լեհ թենիսվումըն Իկա Շվիանթեք շաբաթ օր շահեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը` 6-0 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովային, 57 վայրկեաններու ընթացքին: Շվիանթեք 24 տարեկանին դարձաւ ամէնէն երիտասարդ թենիսվումընը, որ Սերենա Ուիլիամսէն ետք ամէնէն երիտասարդ մարզիկն է, որ 3 տարբեր դաշտերու վրայ կրան շլեմի տիտղոսներ շահած է: Սերենա Ուիլիամս 20 տարեկանին այդ իրագործումը կատարած էր: Շվիանթեք այժմ պէտք ունի Աւստրալիոյ...

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը պիտի կատարէ Լեռնալիբանանի շրջանի աւարտականի մրցումը` Ռիատի Պարժայի դէմ: Անցեալ տարի. նոյն դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լեռնալիբանանի ախոյեան դարձած էր 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ռապիթաթ Ուարտանիէն: Այս տարի մրցակից խումբը մէկ մրցում պարտուած է, այդ ալ Ռաուտա Տըքուանէ խումբէն (Ա. հանգրուանին), որուն դէմ անգամ...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

ՖԻՖԱ-ն, ինչպէս ամէն ամիս, հրապարակեց ազգային խումբերու դասաւորումը, ուր Հայաստանի ազգային խումբը նահանջեց 3 դիրք եւ այժմ կը գրաւէ 105-րդ դիրքը: Քոսթա Ռիքա 14 դիրք բարձրացած է եւ այժմ կը գրաւէ 40-րդ դիրքը (իր պատմութեան լաւագոյն դիրքը), մինչ աշխարհի ախոյեան Արժանթին կը գլխաւորէ դասաւորումը: Լիբանան կը մնայ 112-րդ դիրքին վրայ, մինչ Փորթուգալ եւ Նետերլանտներ դիրքեր փոխանակուեցան (6-րդ եւ 7-րդ): Իտալիա...

Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Այս տարեշրջանի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումները սկսան, ուր Հայաստանի ախոյեան Նոա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնթենեկրոյի Պուտուչնոսթը: Աբովեանի «Վահագն Թումասեան»-ի անուան քաղաքային մարզադաշտին մէջ 3 հազար համակիրներու ներկայութեան Նոայի միակ կոլը նշանակեց մարոքցի միջնապահ Իմրան Օմար: Նոայի այս յաղթանակը իր պատմութեան առաջինն էր` «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով: Հակառակ մեծ թիւով առիթներուն, Նոա 1-է աւելի կոլեր չկրցաւ նշանակել,...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Հիլ Շահեցաւ 6-րդ Հանգրուանը.  Վան Տեր Փուլ` Դեղին Շապիկաւոր

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Հիլ Շահեցաւ 6-րդ Հանգրուանը. Վան Տեր Փուլ` Դեղին Շապիկաւոր

Բազմաթիւ մարզիկներ կը սպասէին Ֆրանսայի հեծելարշաւի 6-րդ հանգրուանին, ուր առաջին լուրջ երկար ճամբու «յարձակողները» առիթ ունէին կանուխէն յարձակելու: 2025-ի «Թուր տը Ֆրանս»-ը փաստեց, թէ ամէնէն փորձառու վարորդներէն կը մնայ Պեն Հիլին, որ կանուխ սկսաւ յարձակիլ եւ շահեցաւ իր ասպարէզին 15-րդ հանգրուանը: Կանուխ յարձակողներու կարգին էին Քուին Սիմընզ եւ Մայքըլ Սթորըր, որոնք գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը: Մաթէօ Վան Տեր Փուլ...

Թենիս. Անիսիմովա Անակնկալի Բերաւ Սապալենքան. Շվիանթեք Հասաւ Աւարտական

Թենիս. Անիսիմովա Անակնկալի Բերաւ Սապալենքան. Շվիանթեք Հասաւ Աւարտական

Ուիմպըլտընի թենիսի աղջկանց մրցաշարքը հասած է իր աւարտականին, ուր լեհ Իկա Շվիանթեք եւ ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովա հասան աւարտական: Հետաքրքրականը այն է, որ ամէնէն բարձր դասուած մարզիկը թիւ 8 դասուած Շվիանթեքն է, իսկ Անիսիմովա թիւ 12 դասուած է: 2 տարի առաջ, Ամանտա Անիսիմովա (23 տարեկան) դադար առաւ թենիսէն` ուժաթափ ըլլալուն պատճառով: Մօտ տարի մը առաջ, երբ ան վերադարձած էր զտումներուն, դուրս...

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Յաղթեց Ղազիրի Մէջ Եւ 3-1 Արդիւնքով Յառաջացաւ

Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթեց Ղազիրի Մէջ Եւ 3-1 Արդիւնքով Յառաջացաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեան Ռիատի մեծ քայլ մը առաւ այս տարուան տղոց ախոյեան դառնալու, երբ չորեքշաբթի գիշեր 83-75 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ղազիրի դաշտէն` Սաժեսի դէմ մրցումին: Սաժես, որ օր մը առաջ կրցած էր անակնկալի բերել Ռիատին` այս վերջինիս դաշտին վրայ, չկրցաւ կրկնել իր իրագործումը իր դաշտին վրայ, մինչ Ռիատի, որ կրած էր այս տարեշրջանի իր 2-րդ պարտութիւնը, իր դաշտէն դուրս մնաց...

Ակումբներու Մոնտիալ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Ֆութպոլի Դաս Մը Տուաւ Ռէալ Մատրիտի

Ակումբներու Մոնտիալ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Ֆութպոլի Դաս Մը Տուաւ Ռէալ Մատրիտի

«Մեթլայֆ» մարզադաշտին վրայ չորեքշաբթի գիշեր իրար դէմ մրցեցան 39 օրեր առաջ «Չեմփիընզ լիկ» շահած Փարիզ Սեն Ժերմենն ու «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմական ակումբ Ռէալ Մատրիտը (15 անգամ ախոյեան): Այժմու մակարդակով Փարիզ Սեն Ժերմեն շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ արագ ու գեղեցիկ ֆութպոլ կը խաղայ, մինչ Ռէալ Մատրիտ 2 տարիէ ի վեր փոփոխութեան ընթացքի մէջ կը գտնուի, եւ Թոնի Քրուսէն...

Լիոն Յաջողեցաւ Վերատեսութեան Ենթարկել  Իր Դէմ Արձակուած Վճիռը Եւ Մնաց Ա. Դասակարգ

Լիոն Յաջողեցաւ Վերատեսութեան Ենթարկել Իր Դէմ Արձակուած Վճիռը Եւ Մնաց Ա. Դասակարգ

Ֆրանսայի 7 անգամ ախոյեան Լիոն իր դիրքը պահեց «Լիկ 1»-ի խումբերու կարգին` յաջողելէ ետք վերատեսութեան ենթարկել անցեալ ամիս արձակուած վճիռը, որ զինք փոխադրած էր աւելի ստորին դասակարգ: Անցեալ ամիս Լիոն Բ. դասակարգ փոխադրուած էր Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նիւթական մէկ քննիչ յանձնախումբին կողմէ, որ նախապէս անցեալ նոյեմբերին տնտեսական սահմանափակումներ դրած էր ակումբին դէմ: Ամերիկացի վաճառական Միշել Քանկ ձեռք առաւ խումբին ղեկը...

«Ֆորմիւլա 1».  Քրիսթիան Հորնըր Պաշտօնանկ Եղաւ

«Ֆորմիւլա 1». Քրիսթիան Հորնըր Պաշտօնանկ Եղաւ

20 տարի մնալէ ետք իր պաշտօնին վրայ, «Ռետ Պուլ» խումբի տնօրէն Քրիսթիան Հորնըր ձախող տարեշրջանէ մը ետք պաշտօնանկ եղաւ: 2005-ին, երբ «Ռետ Պուլզ» եղաւ «Ճակուար» խումբին հիմնական անունը, Հորնըր ստանձնած էր իր պաշտօնը, «Ռետ Պուլ»-ը առաջնորդելով 8 անհատական վարորդներու ախոյեանութիւններու, ինչպէս նաեւ 6 անգամ խմբային (ինքնաշարժներու) ախոյեանութիւններու, 20 տարիներու ընթացքին: Հակառակ իր յաջողութիւններուն, Հորնըրի խումբը 2025-ին շատ ձախող արդիւնք կ՛արձանագրէ...

Page 110 of 1275 1 … 109 110 111 … 1,275

Արխիւներ