Քաթալոնիա ակումբի պատմական յառաջապահ Լիոնել Մեսսի կրնայ կարճ ժամանակով վերադառնալ Պարսելոնա, ըստ «Էլ Նասիոնալ»-ի:
Այս մէկը կրնայ պատահիլ իր այժմու ակումբի` Ինթեր Մայեմիի պայմանագրութեան մէկ կէտին շնորհիւ: Արդարեւ, եթէ Մեսսի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ մինչեւ 2026-ի ձմեռ, ան իրաւասութիւն կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան դադարին` նոյեմբերէն մարտ վարձավճարով տեղափոխուիլ այլ ակումբ:
Այս ձեւով Մեսսի կրնայ միանալ Պարսելոնային` 4 ամսուան համար, եւ իր երազը իրականացնել` հրաժեշտի մրցում մը կատարելով «Քամ Նու»-ի մէջ, որ կը նախատեսուի դաշտին վերջնական վերակառուցման աշխատանքներու աւարտէն ետք:
Ինչպէս կը նշուի, Պարսելոնա արդէն ստացած է Մեսսիի համաձայնութիւնը: Լիոնել Մեսսի Պարսելոնայի հետ ելոյթ ունեցած է 2003-էն 2021 եւ 474 կոլ նշանակած է կատարած իր 520 մրցումներուն` նուաճելով ակումբի ֆութպոլի բոլոր կարելի մրցանակները: