Կիրակի օր «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ Անսար 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թատամոն Սուրին դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 15-րդ անգամ ըլլալով:
65-րդ ախոյեանութիւնը վերջ կը գտնէ այս շաբաթավերջին, բայց Բ. դիրքը գրաւող Սաֆա 5 կէտով ետ կը մնայ եւ յոյս չունի հասնելու անոր:
Անսարի կոլերը նշանակեցին Հիշամ Խալաֆալլահ եւ Հասան Մաաթուք, որ 17 կոլերով կը գրաւէ կոլ-սքորըրներու պարագլուխի դիրքը: Ախոյեանութեան պատմութեան գծով Մաաթուքի 120-րդ կոլն էր ասիկա:
Շաբաթ օր տեղի կ՛ունենայ այս տարեշրջանի վերջին հանգրուանին գծով Անսար-Սաֆա մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Քամիլ Շամուն» մարզադաշտին վրայ:
Անսար, որ սկսած էր Եուսեֆ Ժաուհարիի հետ իբրեւ մարզիչ, անցեալ մայիսին ձեռք ձգած էր սերպ մարզիչ Տրական Եովանովիչը, որ անցեալ տարեշրջանին Նըժմէի հետ շահած էր Լիբանանի ախոյեանութիւնը:
Անսարի ետին (15 տիտղոս) Ահտ եւ Նըժմէ 9-ական տիտղոս շահած են, իսկ ՀՄԸՄ` 7 տիտղոս:
Կոլ-սքորըրներու գծով ՀՄԸՄ-ի յառաջապահ Վարդան Ղազարեան տակաւին կը մնայ Լիբանանի պատմութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրը` 129 կոլեր նշանակելով 1992-էն 2009 (ՀՄԸՄ-ի եւ Սաժեսի հետ):