Կիրակի օր ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալը աւարտեցաւ ի նպաստ Չելսիի, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը:
21-րդ մրցաշարքը, որ առաջին անգամ ըլլալով 32 խումբերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2-րդ անգամ ըլլալով եղաւ ի նպաստ Չելսիի, որ 2021-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Պրազիլի Փալմէյրասին, յետ երկարաձգման:
Չելսի միացաւ Քորինթիանսին (2000 եւ 2012) եւ Պայերն Միւնիխին (2013-ին եւ 2020-ին), որոնք 2 անգամ շահած էին այս տիտղոսը:
Միայն Ռէալ Մատրիտ (2014, 2016, 2017, 2018 եւ 2022) եւ Պարսելոնա (2009, 2011 եւ 2015) երկու անգամներէ աւելի շահած են այս տիտղոսը: 2023-ին Մանչեսթըր Սիթի եղած էր վերջին տիտղոսակիրը` Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած այս վերջին մոնտիալին, նշած էինք, թէ Քոլ Փալմըր (Չելսի) ընտրուած էր լաւագոյն մարզիկ, մինչ լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ ընտրուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ Տեզիրէ Տուէ: Լաւագոյն բերդապահ ընտրուեցաւ Չելսիի բերդապահ Ռոպերթ Սանչես, մինչ լաւագոյն յառաջապահ ընտրուեցաւ Ռէալ Մատրիտի մարզիկ Կոնսալօ Կարսիա:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2000-էն ի վեր այս մրցաշարքի աւարտականները եւ արդիւնքները.
2000 թուական, Պրազիլի մէջ, Քորինթիանս -Վասքօ Տը Կամա 0-0, փենալթիներով Քորինթիանս յաղթեց 4-3:
2005 – Ճափոնի մէջ, Սան Փաուլօ – Լիվըրփուլ 1-0
2006 – Ճափոնի մէջ, Ինթերնասիոնալ (Պրազիլ) – Պարսելոնա 1-0
2007 – Ճափոնի մէջ, Ա. Սէ. Միլան – Պոքա Ժունիորզ 4-2
2008 – Ճափոնի մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ – Քոփթօ (Էքուատոր) 1-0
2009 – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Պարսելոնա – Էսթուտիանթես 2-1 յետ երկարաձգման
2010 – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Ինթեր Միլան – Մազեմփէ (Քոնկօ) 3-0
2011 – Ճափոնի մէջ, Պարսելոնա – Սանթա 4-0
2012 – Ճափոնի մէջ, Քորինթիանս – Չելսի 1-0
2013 – Մարոքի մէջ, Պայերն Միւնիխ – Ռաժաա (Մարոք) 2-0
2014 – Մարոքի մէջ, Ռէալ Մատրիտ – Սան Լորենզօ (Արժանթին) 2-0
2015 – Ճափոնի մէջ, Պարսելոնա – Ռիվըր Փլէյթ 3-0
2016 – Ճափոնի մէջ, Ռէալ Մատրիտ – Քաշիմա Անթլըրզ 4-2 յետ երկարաձգման
2017 – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Ռէալ Մատրիտ – Կրեմիօ 1-0
2018 – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Ռէալ Մատրիտ – Այն (Ա. Մ. Էմիրութիւններ) 4-1
2019 – Քաթարի մէջ, Լիվըրփուլ – Ֆլամենկօ 1-0 յետ երկարաձգման
2020 – Քաթարի մէջ, Պայերն Միւնիխ – Թիկրես (Մեքսիքա) 1-0
2021 – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Չելսի – Փալմէյրաս 2-1 յետ երկարաձգման
2022 – Մարոքի մէջ, Ռէալ Մատրիտ – Հիլալ 5-3
2023 – Սէուտական Արաբիոյ մէջ, Մանչեսթըր Սիթի – Ֆլումինենսէ 4-0
2025 – Միացեալ Նահանգներու մէջ, Չելսի – Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0